Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց. «Թեհրան Ուքրանիոյ տագնապին մէջ որեւէ կողմի չ՛աջակցիր` զգուշանալով զայն երկարաձգելէ, եւ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք որեւէ պատերազմի, ըլլայ այդ Ուքրանիոյ, Եմէնի կամ Պաղեստինի մէջ»:
Պատասխանելով «Մոնիթըր» կայքի Իրանի` Ռուսիոյ անօդաչու թռչող սարքեր տրամադրելու պնդումներուն վերաբերեալ հարցումին, Ապտոլլահեան նշեց, որ «մենք Ռուսիոյ հետ պաշտպանական համագործակցութեան համաձայնութիւն ունինք»` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ու զինադադարի հաստատման համար թափուող ջանքերուն մասնակցեցանք, եւ կը կարծենք, որ որեւէ կողմի Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ զէնք մատակարարելը սխալ է, եւ պիտի շարունակենք քաղաքական բանակցութիւններու ճամբով այս տագնապի լուծման համար քաղաքական երկխօսութիւնը ամրապնդել»:
Ռուսական իշխանութիւնները նախապէս` մեկնաբանելով ամերիկեան օրաթերթի մը հաղորդած այն լուրը, թէ Ռուսիան իրանեան անօդաչու թռչող սարքեր կը ներածէ, յայտնեցին. «Ամերիկեան լրատուամիջոցները ապակողմնորոշող շատ տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ կը դնեն»:


