Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ Էլիզապէթ Բ. Թագուհիի Յուղարկաւորութիւնը

September 20, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ուեսթմինիսթըր Ապիի մէջ տեղի ունեցաւ Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան 2000 հրաւիրեալներ, ներառեալ միջազգային ղեկավարներ եւ  տարբեր թագաւորներ: Հիւրերուն շարքին էին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Ճափոնի Նաուհիթօ կայսրն ու Մասաքօ կայսրուհին, Յորդանանի Ապտալլա թագաւորն ու Ռանիա թագուհին, եւրոպական թագաւորական տոհմերու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, վեց բրիտանացի նախկին վարչապետներ:

Սուրիայէն, Վենեզուելայէն, Աֆղանիստանէն, Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն եւ Միանմարէն ոչ ոք հրաւիրուած էր:

Բրիտանիոյ եւ աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր դիտողներ պատկերասփիւռի ճամբով հետեւեցան արարողութեան:

Լոնտոնի մէջ` հազարաւորներ հաւաքուեցան ճամբաներուն եզրին եւ պուրակներու մէջ իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու Բրիտանիոյ ամէնէն երկարատեւ գահակալած թագուհիին:

Արարողութեան աւարտին թագուհիի դագաղը անցաւ Պաքինկհամ դղեակէն, ապա ուղղուեցաւ Ուինտսըր դղեակ, ուր հետագային անոր մարմինը հանգչեցաւ իր ամուսինին մօտ, որուն հետ ամուսնացած էր 70 տարիներ առաջ: Չարլզ Գ. թագաւորը, գահաժառանգ Ուիլիըմ իշխանը, թագաւորի կրտսեր զաւակ Հարի իշխանն ու անոնց զաւակները հետեւեցան իրենց մօր ու մեծ մօր` Էլիզապեթ Բ. թագուհիի դագաղին:

Ուինտսըրի Ս. Գէորգ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ մէկ այլ արարողութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան շուրջ 800 անձեր:

Էլիզապեթ Բ. թագուհիին յուղարկաւորութիւնը Ուինսթըն Չըրչիլի մահէն ետք առաջին պետական յուղարկաւորութիւնն էր եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյնը:

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Մեր Առջեւ Ցնցումնային Հանգրուաններ Են. Բացառիկ Հաւասարակշիռ Դիւանագիտութեան Հրամայականը

Յաջորդը

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.