Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Բանակցութիւններու սկիզբը ռուս պաշտօնատարը Ալիեւին յայտնած է անոր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի ողջոյնները:
«Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան առաւելապէս նախագահներու գործադրած ջանքերուն շնորհիւ», նշած է Վոլոտին:
Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին Տումայի նախագահը նաեւ ընդգծած է. «Տուման եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանը յառաջիկային պէտք է աշխատին «Դաշնակցային համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրի օրէնսդրական ապահովման համար: Մենք պէտք է նոր ձեւաչափեր գտնենք, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու երկիրներուն համար ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող հարցերուն լուծումներ առաջարկել»: