Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Չինաստան Ռուսիոյ Զինուորական Օգնութիւն Տրամադրէ, Ատոր Համար Պիտի Ստիպուի Իրական Գին Վճարելու» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

February 28, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ Չինաստան Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ աջակցի Ռուսիոյ, ստիպուած պիտի ըլլայ «իրական գին» վճարելու: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն:

Ան նշած է, որ Չինաստան տակաւին քայլերու չէ ձեռնարկած Ռուսիոյ` Ուքրանիա ներխուժելու հարցին մէջ զէնք տրամադրելու համար, սակայն Միացեալ Նահանգներ փակ դռներու ետին հասկցուցած են, որ նման քայլ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ:

«Փեքին պէտք է ինքնուրոյն որոշումներ տայ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուի, արդեօք զինուորական օգնութիւն պիտի տրամադրէ՞, սակայն եթէ այս ճամբով ընթանայ, ատոր համար իրական գին պիտի վճարէ, եւ ատիկա Չինաստանին վնաս պիտի հասցնէ», ըսած է Սալիվըն:

«Սի.Էն.Էն.» նախապէս հաղորդած էր, որ Չինաստան պատրաստ է Ռուսիոյ զէնք ուղարկելու: Վերջնական որոշումը տակաւին չէ տրուած, սակայն Մոսկուայի եւ Փեքինի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին սարքաւորումներու գինին եւ ծաւալին շուրջ: Աւելի ուշ, «Սի.Այ.Էյ.»-ը հաստատած է այս տեղեկութիւնը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նին յայտարարեց, որ Փեքին պիտի չհանդուրժէ Միացեալ Նահանգներու սպառնալիքները եւ ճնշումը չին-ռուսական յարաբերութիւններուն վրայ` այն մեղադրանքով, որ Ռուսիոյ բանակը կը զինուի չինական սպառազինութեամբ:

Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ անընդհատ Ուքրանիա կը մատակարարեն մահասփիւռ զէնք, ինչպէս նաեւ, չհետեւելով Չինաստանի հետ ձեռք բերած համաձայնութիւններուն, զէնք կը վաճառեն Թայուանին:

Մաօ Նին ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն պէտք է այս առիթով աշխարհին բացատրութիւններ ներկայացնէ:

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը 30 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Այցելած Է Քիեւ

Յաջորդը

Մետվետեւ. «Կարիք Չունինք Աշխարհի Մը, Ուր Ռուսիան Գոյութիւն Չունի, Եւ Այն Ինչ Որ Նախապէս Խորհրդային Միութեան Հետ Պատահեցաւ, Կարելի Չէ Կրկնել»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.