ՕԹԱՆ-ի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մէջ ետդարձի ճամբայ չկայ: Ռուսական «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ: Անոր համաձայն, նոյնիսկ ուքրանական տագնապի աւարտը պիտի չյանգեցնէ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
«Մենք պէտք է գիտակցինք, որ այս պատերազմի աւարտը պիտի չյանգեցնէ Ռուսիոյ հետ բնական յարաբերութիւններու», ընդգծած է ան:
Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ տագնապին մէջ Ուքրանիոյ աջակցիլը «կը բխի դաշինքի սեփական անվտանգութեան շահերէն»: Այս մասին ան յայտարարած է Ֆինլանտայի մէջ ՍԱՄԱՔ (Սկանտինաւեան աշխատաւորական շարժումի համագործակցութեան յանձնախումբ, ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւններու եւ սկանտինաւեան երկիրներու մէջ աշխատաւորներու խորհուրդներու դաշինք) վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
Ընդհանուր քարտուղարը ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները յորդորած է մեծցնելու պաշտպանական ծախսերը` ընդգծելով, որ Քիեւին աջակցութիւնը կը բխի դաշինքի անդամ երկիրներու «անվտանգութեան շահերէն»: Սակայն մեծագոյն վտանգը, անոր կարծիքով, պիտի ըլլայ ոչ թէ տագնապի սրումը, այլ Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ յաղթանակը:
«Ես մտահոգութիւններ կը լսեմ առ այն, որ Ուքրանիոյ մեր աջակցութիւնը կը մեծցնէ մագլցումի վտանգը: Սակայն… հիմա առանց վտանգի տարբերակներ չկան: Թող ոչ ոք կասկածի. մեծագոյն վտանգը Ուքրանիոյ մէջ նախագահ Փութինի յաղթանակն է», աւելցուցած է Սթոլթենպերկ:


