Միջազգային

Քոպրինեց. «Ռուսիան Մտադիր Չէ Կորսնցնել Յետխորհրդային Տարածքի Տագնապներու  Լուծման Գործին Մէջ Յառաջատար Դերը»

Քոպրինեց. «Ռուսիան Մտադիր Չէ Կորսնցնել Յետխորհրդային Տարածքի Տագնապներու Լուծման Գործին Մէջ Յառաջատար Դերը»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաեւրոպական համագործակցութեան բաժանմունքի տնօրէն Նիքոլայ Քոպրինեց յայտարարած է, որ Ռուսիան մտադիր չէ կորսնցնել յառաջատար կառուցողական դերը յետխորհրդային տարածքին մէջ տագնապներու լուծման գործին մէջ: Ան այս մասին ըսած է ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին մէջ: «Մենք չենք պատրաստուիր կորսնցնել մեր յառաջատար կառուցողական դերը յետխորհրդային տարածքին մէջ տագնապներու լուծման գործին մէջ: Ատիկա մեր պատմական պարտականութիւնն է: Եւ մենք զայն կը...

Սէուտական Արաբիան Իրանէն Խնդրած Է  Միջնորդել Եմէնի Ճգնաժամի Լուծման

Սէուտական Արաբիան Իրանէն Խնդրած Է Միջնորդել Եմէնի Ճգնաժամի Լուծման

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտը իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թեհրանէն խնդրած է միջնորդի դեր խաղալ Եմէնի ճգնամաժի լուծման գործին մէջ: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն եմէնեան լրատուամիջոցները: Վերջիններուս տուեալներով` Ֆայսալ պըն Ֆարհան իրանեան կողմէն խնդրած է միջնորդի դեր խաղալ Եմէնի մէջ զինուորական լարուածութեան թուլացման գործին մէջ:...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը  Կրնայ Ֆիթրի Տօնէն Ետք Դամասկոս Այցելել

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կրնայ Ֆիթրի Տօնէն Ետք Դամասկոս Այցելել

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, մէջբերելով սէուտցի եւ սուրիացի պաշտօնատարներ, կը հաղորդէ, որ բանագնացներ աշխատանք կը տանին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհանի ապրիլի վերջաւորութեան Ֆիթրի տօնէն ետք Դամասկոս հաւանական այցելութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու` նշելով, որ անոնք «զգուշացուցին, թէ բանակցութիւնները կրնան տապալիլ»: Սէուտական Արաբիան, Սուրիան եւ այլ արաբական երկիրներէ պաշտօնատարներ աւելցուցած են. «Ռուսական կառավարութիւնը սկզբունքային համաձայնութեան համար միջնորդութիւն կատարած...

Սուրիա Եւ Սէուտական Արաբիա Համաձայնած Են Դեսպանատուները Վերաբանալ

Սուրիա Եւ Սէուտական Արաբիա Համաձայնած Են Դեսպանատուները Վերաբանալ

Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան աղբիւրներուն, Սուրիա եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնած են վերաբանալ մէկզմէկու մէջ իրենց դեսպանատուները` իրենց միջեւ դիւանագիտական կապերու խզումէն աւելի քան տասը տարի ետք:

Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց  Նախարարներուն Միջեւ Մօտալուտ  Հանդիպման Շուրջ Համաձայնութիւն

Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Մօտալուտ Հանդիպման Շուրջ Համաձայնութիւն

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը շնորհաւորեց Ռամատանի առիթով` ողջունելով «երկու երկիրներուն միջեւ բնական յարաբերութիւններու վերականգնումը»: Ապտոլլահեան իր կարգին նոյն առիթով շնորհաւորեց իր սէուտցի պաշտօնակիցը` վստահեցնելով, որ իր երկիրը պատրաստ է Ռիատի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու: Սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ պըն Ֆարհան Ապտոլլահեանի հետ համաձայնած է մօտ օրէն գումարելու...

Շոյկու Եւ Աքար Քննարկած Են Արցախի  Տագնապի Լուծման Առնչուող Հարցեր

Շոյկու Եւ Աքար Քննարկած Են Արցախի Տագնապի Լուծման Առնչուող Հարցեր

Ռուսական «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ 22 մարտին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի միջեւ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին այլ հարցերու շարքին կողմերը քննարկած են նաեւ Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապներու լուծման առնչուող հարցեր: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ:  

Քնեսեթը Վաւերացուց Նեթանիահուի  Պաշտօնազրկումը Արգիլող Օրինագիծը.  Ցուցարարներ Թել Աւիւի Մէջ Ճամբաներ Փակեցին

Քնեսեթը Վաւերացուց Նեթանիահուի Պաշտօնազրկումը Արգիլող Օրինագիծը. Ցուցարարներ Թել Աւիւի Մէջ Ճամբաներ Փակեցին

Ցուցարարներ երէկ Թել Աւիւի մէջ փակեցին Քափլան ճամբան, իսկ ուրիշներ Աստոտի նաւահանգիստի մուտքին անիւներ հրկիզեցին` բողոքելով Նեթանիահուի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած արդարադատական բարեփոխումներուն դէմ: Իսրայէլեան օդուժի ակադեմիայէն շրջանաւարտներ իրենց կարգին փակեցին Աստոտի նաւահանգիստի հարաւային մուտքը: Քնեսեթը երէկ արշալոյսին 2-րդ եւ 3-րդ ընթերցումով վաւերացուց «Հիմնական օրէնք` Կառավարութիւնը» օրէնքը, որ կ՛արգիլէ վարչապետը պաշտօնազրկել եւ իր առաքելութիւնը կատարելու անկարողութիւնը յայտարարել: Նշեալ օրինագիծը անձեռնմխելիութիւն կը...

Իսրայէլ Դարձեալ Յարձակում Կը Գործէ  Հալէպի Միջազգային Օդակայանին Վրայ

Իսրայէլ Դարձեալ Յարձակում Կը Գործէ Հալէպի Միջազգային Օդակայանին Վրայ

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը շուրջ 3:55-ին Իսրայէլեան օդուժը Միջերկրական ծովու Լաթաքիոյ արեւմուտքը գտնուող շրջանէն հրթիռային յարձակում գործած է` թիրախ դարձնելով Հալէպի միջազգային օդակայանը: Օդակայանը իր ստացած նիւթական վնասներուն պատճառով երէկ դադրեցաւ գործելէ: Իսրայէլեան օդուժը 7 մարտին նոյն տարածքէն դարձեալ յարձակում գործած էր Հալէպի օդակայանին վրայ, իսկ քանի մը օր առաջ` Թարթուսի եւ Համայի գիւղական շրջաններուն մէջ...

Ռիապքով. «Կը Զգուշացնենք Ուաշինկթընը  Մոսկուայի Համբերութիւնը Փորձելէ. Ռուսիոյ  Անվտանգութիւնը Պիտի Երաշխաւորուի  Գոյութիւն Ունեցող Բոլոր Միջոցներով»

Ռիապքով. «Կը Զգուշացնենք Ուաշինկթընը Մոսկուայի Համբերութիւնը Փորձելէ. Ռուսիոյ Անվտանգութիւնը Պիտի Երաշխաւորուի Գոյութիւն Ունեցող Բոլոր Միջոցներով»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց. «Մոսկուան Ուաշինկթընին կոչ կ՛ուղղէ` Ուքրանիոյ մէջ կացութեան մագլցումին ուղիով չընթանալու»: Ան նշեց. «Ուաշինկթընի` Սեւ ծովու վերեւ իր անօդաչու թռչող սարքերու թռիչքները շարունակելու որոշումը, դիմակայման քայլերու որդեգրում կը պահանջէ»: «Միացեալ Նահանգներ ամէն օր ցոյց կու տան մագլցումի ուղիով ընթանալու փափաքը, եւ ատիկա շատ վտանգաւոր ուղի է», յայտնեց Ռիապքով: «Կը զգուշացնենք Միացեալ Նահանգները Մոսկուայի համբերութիւնը...

Փութին. «Չինաստանի Խաղաղութեան Ծրագիրը  Կրնայ Իբրեւ Հիմք Ընդունուիլ,  Երբ Արեւմուտքն Ու Քիեւը Ատոր Պատրաստ Ըլլան»

Փութին. «Չինաստանի Խաղաղութեան Ծրագիրը Կրնայ Իբրեւ Հիմք Ընդունուիլ, Երբ Արեւմուտքն Ու Քիեւը Ատոր Պատրաստ Ըլլան»

Չինաստանի խաղաղութեան ծրագիրը կրնայ լուծման համար իբրեւ հիմք ընդունուիլ, «երբ ատոր պատրաստ ըլլան Արեւմուտքն ու Քիեւը»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը` երեքշաբթի օր Չինաստանի նախագահին հետ բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Նշենք, որ Չինաստանի նախագահը երէկ աւարտած է Մոսկուա իր եռօրեայ այցելութիւնը եւ վերադարձաւ Փեքին: Չինաստանի նախագահը անգամ մը եւս կրկնած է, որ...

Շի Ճինփինկ. «Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւններու  Ամրապնդումը Փեքինի Ռազմավարական Ընտրութիւնն Է»

Շի Ճինփինկ. «Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը Փեքինի Ռազմավարական Ընտրութիւնն Է»

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին Փեքինի ռազմավարական ընտրութիւնը նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու զարգացումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ, որ ամփոփած է երկու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումի արդիւնքները: «Չին-ռուսական յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու զարգացումը Չինաստանի ռազմավարական ընտրութիւնն է, որ...

Զուիցերիոյ Իշխանութիւնները Կը Փորձեն  Փրկել Երկրի Երկրորդ Մեծագոյն Դրամատունը

Զուիցերիոյ Իշխանութիւնները Կը Փորձեն Փրկել Երկրի Երկրորդ Մեծագոյն Դրամատունը

Զուիցերիական իշխանութիւնները քայլերու կը ձեռնարկեն երկրի երկրորդ մեծագոյն դրամատունը` «Քրետի Սուիս»-ը սնանկացումէն փրկելու համար: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Զուիցերիական դաշնակցային կառավարութեան որոշումին համաձայն, 1856 թուականին ստեղծուած «Քրետի Սուիս»-ը պիտի գնէ երկրի մեծագոյն ելեւմտական հաստատութիւնը` «Եու.Պի.Էս.» դրամատունը: Այդ նպատակով Զուիցերիոյ Կեդրոնական դրամատունը «Եու.Պի.Էս.»-ին շուրջ 100 միլիառ զուիցերիական ֆրանքի (108 միլիառ տոլար) օգնութիւն պիտի տրամադրէ: «Քրետի Սուիս»-ի մէջ գոյութիւն ունեցող...

Էրտողան Պաշտօնապէս Թուրքիոյ  Նախագահի Թեկնածու Առաջադրուած Է

Էրտողան Պաշտօնապէս Թուրքիոյ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրուած Է

Թուրքիոյ գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` «Հանրապետական դաշինք»-ի միասնական թեկնածուն, պաշտօնապէս իբրեւ թեկնածու առաջադրուած է նախագահական ընտրութիւններուն: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Հապերթիւրք»-ը: Իշխող կուսակցութեան ընտրական վարչութեան ղեկավար Ալի Իհսան Եաւուզ եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Ֆեթի Եըլտըզ դիմում ներկայացուցած են Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին: Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 14 մայիսին: Հրատարակութիւնը կը նշէ, որ Թուրքիոյ նախագահի հաւանական թեկնածուներու դիմումները...

«Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Զեկուցումը Մեզ Չի Հետաքրքրեր»  Կ՛ըսէ Վրաստանի Վարչապետը

«Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Զեկուցումը Մեզ Չի Հետաքրքրեր» Կ՛ըսէ Վրաստանի Վարչապետը

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին զեկուցումը` Վրաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու առնչուած կացութեան վերաբերեալ, հիմնականին մէջ հիմնուած է կեղծ տեղեկատուութեան վրայ, եւ անիկա կառավարութեան «չի հետաքրքրեր»: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիու Ճորճիա» կայքը: «Ես շատ հակիրճ ծանօթացայ զեկուցումին եւ հիմնական կէտերուն: Ցաւօք, զեկուցումը հիմնուած է, այսպէս կոչուած վերնախաւային հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ ներկայացուած ոչ...

Քըրքաշ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Արաբական Դերակատարութեան Աշխուժացման Ճամբով  Սուրիոյ Իր Շրջապատ Վերադարձի  Վերաբերեալ Կեցուածքը Յստակ Է»

Քըրքաշ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արաբական Դերակատարութեան Աշխուժացման Ճամբով Սուրիոյ Իր Շրջապատ Վերադարձի Վերաբերեալ Կեցուածքը Յստակ Է»

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի խորհրդական Անուար Քըրքաշ յայտնեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արաբական դերակատարութիւնը աշխուժացնելու ճամբով Սուրիոյ իր շրջապատ վերադարձի անհրաժեշտութեան վերաբերեալ կեցուածքը յստակ է»: «1,5 տասնամեակ պատերազմը, բռնարարքն ու քանդումը բաւ են, եւ ժամանակն է ամրապնդելու մեր արաբական երկիրներու համագործակցութիւնն ու միասնականութիւնը` երաշխաւորելու համար շրջանի կայունութիւնն ու բարգաւաճումը», աւելցուց Քըրքաշ: Ան ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու`...

Պերպոք. «Այժմ Ուքրանիոյ  Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութեան Կամ ՕԹԱՆ-էն  Երաշխիքներու Հարց Չկայ»

Պերպոք. «Այժմ Ուքրանիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Կամ ՕԹԱՆ-էն Երաշխիքներու Հարց Չկայ»

Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կամ ՕԹԱՆ-էն Քիեւի անվտանգութեան երաշխիքներ ստանալու հարցը այս պահուս օրակարգի վրայ չէ: Այս մասին սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք: «ՕԹԱՆ-ը բաց դռներու քաղաքականութիւն կը վարէ, գերիշխան պետութիւնները իրենք կ՛որոշեն, թէ ո՛ր դաշինքին կ՛ուզեն միանալ: Ուքրանիոյ պարագային այս հարցը այսօր օրակարգի վրայ չէ», ըսած է Պերպոք: Ան...

Մետվետեւ Միջազգային Քրէական Դատարանին  Սպառնացած Է Գերձայնային Հրթիռով

Մետվետեւ Միջազգային Քրէական Դատարանին Սպառնացած Է Գերձայնային Հրթիռով

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձերբակալութեան մասին Միջազգային քրէական դատարանի որոշման հետեւանքները «հրէշական» պիտի ըլլան: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ յայտարարած է Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ: «Եւ, ահա որոշած են դատել ղեկավարը մէկ այլ հիւլէական տէրութեան, որ Միջազգային քրէական դատարանին մասնակից չէ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու նման… Հասկնալի է, որ ասիկա որեւէ գործնական արժէք չունի,...

«Պելկրատ Կ՛ուզէ Քոսովոյի Հետ  Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել,  Առանց Որեւէ Համաձայնութիւն Ստորագրելու»  Կ՛ըսէ Սերպիոյ Նախագահը

«Պելկրատ Կ՛ուզէ Քոսովոյի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել, Առանց Որեւէ Համաձայնութիւն Ստորագրելու» Կ՛ըսէ Սերպիոյ Նախագահը

Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտըր Վուչիչ յայտնեց, որ Սերպիան կ՛ուզէ Քոսովոյի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել, առանց անոր հետ որեւէ համաձայնութիւն ստորագրելու: Յիշեցնենք, որ Սերպիոյ նախագահն ու Քովոսոյի վարչապետ Ալպին Քուրթին մէկ օր առաջ համաձայնած էին կեանքի կոչել յարաբերութիւնները կարգաւորելու Եւրոպական Միութեան առաջարկած ծրագիրը: Եւրոպական Միութիւնը յայտնած էր, որ կ՛ուզէ ատկէ շատ աւելի հեռու երթալ: Վուչիչ երէկ լրագրողներու յայտնեց. «Սերպիան կ՛ուզէ Քոսովոյի հետ յարաբերութիւնները...

Նեթանիահու Եւ Պայտըն Քննարկած Են  «Իրանեան Սպառնալիք»- ը

Նեթանիահու Եւ Պայտըն Քննարկած Են «Իրանեան Սպառնալիք»- ը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: Զրոյցի հիմնական նիւթը եղած է «իրանեան սպառնալիք»-ը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակի թուիթըրեան էջին: Նեթանիահուի գրասենեակէն յայտնած են, որ Իսրայէլի վարչապետը Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտնած է, թէ Թել Աւիւը պիտի շարունակէ ամէնուր գործողութիւններու ձեռնարկել ահաբեկիչներու եւ ահաբեկչութիւններ կազմակերպողներու դէմ: «Զրոյցը...

Փութին Այցելեց Մարիուփոլ

Փութին Այցելեց Մարիուփոլ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այցելած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական վերահսկողութեան տակ անցած Մարիուփոլ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան: Կը նշուի, որ Ռուսիոյ նախագահը Մարիուփոլ մեկնած է ուղղաթիռով, որմէ ետք ինքնաշարժ վարելով շրջած է քաղաքի թաղամասերուն մէջ` տեղ տեղ կանգ առնելով: Անոր ուղեկցած է փոխվարչապետ Մարաթ Խուսնուլինը, որ զեկուցած է ընկերային, բնակարանային եւ ենթակառուցային...

Page 216 of 882 1 … 215 216 217 … 882

Արխիւներ