Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին զեկուցումը` Վրաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու առնչուած կացութեան վերաբերեալ, հիմնականին մէջ հիմնուած է կեղծ տեղեկատուութեան վրայ, եւ անիկա կառավարութեան «չի հետաքրքրեր»: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիու Ճորճիա» կայքը:
«Ես շատ հակիրճ ծանօթացայ զեկուցումին եւ հիմնական կէտերուն: Ցաւօք, զեկուցումը հիմնուած է, այսպէս կոչուած վերնախաւային հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ ներկայացուած ոչ առարկայական, կողմնակալ, ենթակայական եւ անարդար եզրակացութիւններու վրայ: Վերոնշեալ փաստերը չեն համապատասխաներ իրականութեան, անոնք ընդամէնը ենթադրութիւններ են, եզրակացութիւններ եւ ընդհանրացումներ` հիմնուած որոշ քաղաքական կողմնակալ, ոչ առարկայական մարդոց կեղծ, շինծու տեղեկատուութեան վրայ: Ասիկա մեզ չի հետաքրքրեր», ըսած է Ղարիպաշվիլի:
Ան նշած է, որ չի յիշեր նախկին իշխանութիւններուն օրով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քննադատական յայտարարութիւնները, երբ երկրին մէջ, ըստ անոր, կար «համակարգային փտածութիւն, յանցագործութիւն, մարդոց կը խոշտանգէին, կը բռնաբարէին, կը սպաննէին, առեւտուր կը գողնային, իսկ լրատուամիջոցներու ազատութիւն ընդհանրապէս չկար»:
Ղարիպաշվիլի կրկնած է, որ Վրաստանի մէջ կը գործեն հարիւրաւոր հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք կեղծ տեղեկութիւններ կը տարածեն եւ կը փորձեն ամբողջ աշխարհին առջեւ վարկաբեկել երկիրը:
«Հակառակ ատոր, դուք կը տեսնէք, որ այսօր հասարակական մարզը, լրատուամիջոցները, բոլորը ունին լիակատար ազատութիւն: Ասիկա ժողովրդավարութեան մէկ մասն է: Մենք ատոր (անոնց գործողութիւններուն) կը հակադրուինք ճշմարտութեամբ», ըսած է Ղարիպաշվիլի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի հրապարակած է իր տարեկան զեկուցումը վերջին մէկ տարուան մէջ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ: Անիկա վերլուծած է 198 պետութեան մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը: Այս զեկուցումը գրեթէ 50 տարիէ ի վեր կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ` տեղական եւ միջազգային վիճակագրական եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեամբ: Կը քննուի տարբեր երկիրներէ ստացուած տեղեկութիւններուն միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած Մարդու իրաւունքներու ընդհանուր հռչակագիրին հետ համապատասխանութիւնը:
Այս տարուան զեկուցումին մէջ Վրաստանին նուիրուած է 57 էջ: Եզրակացութիւններէն մէկը այն է, որ անպատժելիութիւնը կը շարունակէ երկրին մէջ խնդիր մնալ, հակառակ այն հանգամանքին, որ կառավարութիւնը քայլերու ձեռնարկած է մարդու իրաւունքներու խախտման դէպքերը հետաքննելու ուղղութեամբ:
Զեկուցումին մէջ, մասնաւորաբար, ներառուած են 5 յուլիս 2021 թուականին լրագրողներու նկատմամբ բռնութեան դէպքերը, Վրաստանի մէջ ազրպէյճանցի լրագրող Աֆղան Մուխթարլիի առեւանգման դէպքը, ընդդիմադիր «Մթավարի» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Նիքա Կվարամիայի դէմ դատավճիռը եւ նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի վիճակը: