Ռուսական «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ 22 մարտին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի միջեւ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին այլ հարցերու շարքին կողմերը քննարկած են նաեւ Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապներու լուծման առնչուող հարցեր:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ:


