Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտըր Վուչիչ յայտնեց, որ Սերպիան կ՛ուզէ Քոսովոյի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել, առանց անոր հետ որեւէ համաձայնութիւն ստորագրելու:
Յիշեցնենք, որ Սերպիոյ նախագահն ու Քովոսոյի վարչապետ Ալպին Քուրթին մէկ օր առաջ համաձայնած էին կեանքի կոչել յարաբերութիւնները կարգաւորելու Եւրոպական Միութեան առաջարկած ծրագիրը: Եւրոպական Միութիւնը յայտնած էր, որ կ՛ուզէ ատկէ շատ աւելի հեռու երթալ:
Վուչիչ երէկ լրագրողներու յայտնեց. «Սերպիան կ՛ուզէ Քոսովոյի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել: Կ՛ուզենք ճամբորդել եւ առեւտուր կատարել: Չենք ուզեր մեկուսացումի մէջ ապրիլ»:
«Չուզեցի երէկ գիշեր գործադիր յաւելուածի վերաբերեալ համաձայնութիւն ստորագրել, ո՛չ ալ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը վայելող համաձայնութիւն ստորագրել անցեալ ամիս Պրիւքսելի մէջ: Չեմ ուզեր Քոսովոյի հետ որեւէ միջազգային պարտադիր փաստաթուղթ ստորագրել, որովհետեւ Սերպիան չի ճանչնար անոր անկախութիւնը», ըսաւ Սերպիոյ նախագահը:
Սերպիան կ՛ուզէ Եւրոպական Միութեան միանալ, եւ անդամակցութեան պայմաններէն մէկը Քոսովոյի հետ անոր յարաբերութիւններու բնականոնացումն է:
Քոսովոն 2008-ին Սերպիայէն իր անկախութիւնը հռչակած է, սակայն Պելկրատ զայն տակաւին Սերպիոյ մէկ շրջանը կը նկատէ:
Քոսովոյի վարչապետը կիրակի գիշեր յայտնեց, որ համաձայնութիւնը «իրողական կացութեան ճանաչում» է:


