Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այցելած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական վերահսկողութեան տակ անցած Մարիուփոլ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան:
Կը նշուի, որ Ռուսիոյ նախագահը Մարիուփոլ մեկնած է ուղղաթիռով, որմէ ետք ինքնաշարժ վարելով շրջած է քաղաքի թաղամասերուն մէջ` տեղ տեղ կանգ առնելով:
Անոր ուղեկցած է փոխվարչապետ Մարաթ Խուսնուլինը, որ զեկուցած է ընկերային, բնակարանային եւ ենթակառուցային ծառայութիւններու կառոյցներու, բժշկական հաստատութիւններու կառուցման եւ վերականգնման մասին:
Փութին զրուցած է նաեւ բնակիչներու հետ եւ բնակիչներէն մէկուն հրաւէրով այցելած է անոր տունը:
Ռուսիոյ նախագահը մէկ օր առաջ նաեւ այցելած էր Խրիմ: