Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձերբակալութեան մասին Միջազգային քրէական դատարանի որոշման հետեւանքները «հրէշական» պիտի ըլլան: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ յայտարարած է Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ:
«Եւ, ահա որոշած են դատել ղեկավարը մէկ այլ հիւլէական տէրութեան, որ Միջազգային քրէական դատարանին մասնակից չէ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու նման… Հասկնալի է, որ ասիկա որեւէ գործնական արժէք չունի, սակայն շնորհակալութիւն, որ յիշեցիք: Իսկ միջազգային օրէնքին համար հետեւանքները հրէշական պիտի ըլլան. չէ՞ որ ասիկա իրաւունքի հիմերու, սկզբունքներու փլուզումն է», գրած է Մետվետեւ` աւելցնելով, որ այլեւս ոչ ոք միջազգային ոչ մէկ ատեանի պիտի դիմէ, բոլորը «իրար մէջ պիտի համաձայնին»:
Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհւորդի փոխնախագահը նաեւ դատաւորներուն խորհուրդ տուած է ուշադիր նայիլ երկինքին:
«Շատ կարելի է պատկերացնել Հիւսիսային ծովու մէջ գտնուող ռուսական նաւէ գերձայնային հրթիռի թիրախային կիրարկումը: Անիկա, աւաղ, կարելի չէ խոցել: Իսկ դատարանը ուղղակի թշուառ միջազգային կազմակերպութիւն է, ոչ թէ ՕԹԱՆ-ի երկրի բնակչութիւն: Ատոր պատճառով պատերազմ ալ պիտի չսկսին: Պիտի վախնան: Եւ ոչ ոք պիտի խղճայ: Այնպէս որ, քաղաքացի՛ դատաւորներ, ուշադի՛ր նայեցէք երկինքին», եզրափակած է Մետվետեւ:
Յիշեցնենք, որ Միջազգային քրէական դատարանը 17 մարտին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ինչպէս նաեւ Երեխաներու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատար Մարիա Լվովա-Պելովայի կալանաւորման միջազգային հրամաններ արձակած է:
Դատարանը բացատրած է, որ Փութինն ու Լվովա-Պելովան կը կասկածուին ուքրանացի երեխաներու Ուքրանիայէն Ռուսիա ապօրինի տեղափոխութեան մէջ:


