Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա յայտնեց. «Իրանը Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տուած իր խոստումները յարգելէ հեռու է»:
Ան նաեւ նշեց, որ ՏԱՀԵՇ կը շարունակէ բազմաթիւ երկիրներու վտանգ ներկայացնել, եւ անոր դէմ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած:
Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը «Ժազիրա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Համաձայն չենք սուրիական վարչակարգին հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելուն` առանց յանձնառութիւններ ստանձնելու: Անիկա իր վարմունքը չփոխեց, եւ անոր նկատմամբ մեր կեցուածքը չէ փոխուած»:
«Գոյութիւն ունէր սուրիական վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնելու կարելիութիւն, սակայն հակառակը պատահեցաւ: Արաբական լիկայի Սուրիան (իր աթոռին) վերադարձնելու որոշումը գերիշխանական է, սակայն ոչինչի դիմաց է», նշեց Քոլոնա:


