Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ-Արաբական Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդ Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Յունիս 9, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ հրապարակուեցաւ Միացեալ Նահանգներ-Արաբական ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի միացեալ հաղորդագրութիւնը, որ յանձնառութիւն յայտնեց «Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ նաւարկման ազատութեան եւ ծովային անվտանգութեան»:

Հաղորդագրութիւնը ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի` իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները շարունակելու որոշումը` զօրակցութիւն յայտնելով «հիւլէական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնագիրին», ինչպէս նաեւ Իրանին կոչ ուղղելով` լիարժէք կերպով գործակցելու հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ:

Առնչակից երկիրները շեշտեցին նաեւ, որ յանձնառու են «հասնելու սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումի մը, որ կը պահպանէ Սուրիոյ միութիւնն ու գերիշխանութիւնը»:

Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց Միջին Արեւելքի մէջ երկու պետութիւններու լուծումի հիմամբ արդար ու համապարփակ համաձայնութեան հասնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Սուտանի մէջ ընթացող կռիւներուն համար եւ զօրակցութիւն` «տագնապին վերջ տրուելուն»:

Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդ հաղորդագրութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Եմէնի գերիշխանութեան, անկախութեան, միութեան եւ հողային ամբողջականութեան:

Նշեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի Սէուտական Արաբիա եռօրեայ այցելութեան աւարտին. այդ այցելութիւնը սկսաւ երեքշաբթի օր, եւ անոր նպատակը թագաւորութեան հետ լարուած յարաբերութիւններու բարելաւումն էր:

Պլինքըն Պըն Սալման Իշխանին Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Ամրապնդումը Եւ Շրջանային Ու Միջազգային Զարգացումները

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը Ժետտայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են «երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ» երկկողմանի յարաբերութիւնները, տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան տարբեր երեսներն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային կացութեան զարգացումները եւ անոնց ուղղութեամբ թափուած ջանքերը:

«Արապիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է. «Մոհամետ պըն Սալման իշխանն ու Պլինքըն հաստատած են շրջանի կայունութեան ու բարգաւաճման նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը»:

«Նախարար Պլինքըն իր գնահատանքը արտայայտեց Սուտանի բանակցութիւններուն Սէուտական Արաբիոյ մասնակցութեան առնչութեամբ», աւելցուց նախարարութիւնը:

Պլինքըն երեքշաբթի գիշեր երկօրեայ այցելութեամբ հասած է Սէուտական Արաբիա` մասնակցելու համար Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդ-Միացեալ Նահանգներ նախարարական ժողովին, որ յատկացուած է անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման, լարուածութեան մեղմացման, շրջանային փոխլրացման եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ տնտեսական առիթներու ոլորտներու քննարկման:

Պլինքըն նախանցեալ օր իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին հետ Ռիատի մէջ մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի նախարարական ժողովին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պլինքընի Սէուտական Արաբիա այցելութենէն առաջ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է Սէուտական Արաբիոյ հետ իր ապահովական գործընկերութիւնը ամրապնդելուն, ներառեալ պաշտպանական մատակարարումները, միացեալ մարզումները, ոչ կառավարական կողմերու մօտ հրթիռներու տարածման եւ անօդաչու թռչող սարքերու տարածման դէմ պայքարը:

Նախարարութիւնը Ուաշինկթընի եւ Ռիատի միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ շրջանային կայունութեան երաշխաւորման համար Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցութիւնը «պիտի շարունակէ մնալ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու հիմերէն մէկը»` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ անվտանգութեան գործընկերութիւնը հիմնուած է «Ծոցի շրջանի անվտանգութեան եւ որեւէ օտար կամ շրջանային ուժի շրջանի սպառնալը արգիլելու նկատմամբ մեր հասարակաց հետաքրքրութեան վրայ»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Արապի Փոսթ»-ին յայտնեց. «Պլինքընի` Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ ժողովի ընթացքին «լաւ աստիճանի մերձեցում» տեղի ունեցաւ, սակայն կարգ մը տարակարծութիւններու գոյութեամբ»:

 

Նախորդը

Արթուր Նազարեան Այցելեց ՀՄԸՄ Կլենտէյլի Արարատ Ակումբ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Միջազգային

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Իսրայէլեան Պատուիրակութեան Մը Հետ

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?