«Ռուսիոյ եւ Քիեւի միջեւ բանակցութիւններու համար այժմ համաձայնութիւններ եւ նախադրեալներ փաստացի չկան», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Հարցազրոյցի տեսանիւթը հրապարակուած է «Մոսկուաշ Քրեմլին, Փութին» ծրագիրի ծիրին մէջ «Ռոսիա 1»-ի լրագրող Փաւել Զարուպինի թելեկրամեան ալիքին վրայ:
«Աւելի՛ն, հիմա չկայ որեւէ հիմք, թէկուզ թոյլ, որպէսզի գոնէ երկխօսութիւն մը կառուցուի», աւելցուցած է Փեսքով:
Ան թուարկած է քանի մը գործօն, որոնց պատճառով Ուքրանիան կը հրաժարի բանակցութիւններէն: «Ա. վարչակարգի անպատրաստակամութիւն, Բ. անպատրաստութիւն, Գ. վարչակարգին անթոյլատրելիութիւն սեփականատէրերու կողմէ, այսպէս ըսած առանց դիւանագիտական երկիմաստութիւններու: Հետեւաբար, այժմ բանակցութիւններու համար նախադրեալներ չկան», ընդգծած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:


