Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար, գնդապետ-զօրավար Զաքիր Հասանով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօրավար Մոհամետ Հիւսէյն Պաղերիի հետ: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ տիրող կացութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ:
Պաղերի ընդգծած է. «Որոշ ուժերու կողմէ տարածուած կեղծ տեղեկատուութիւնը, թէ Իրան կենդանի ուժ եւ սպառազինութիւն կը կուտակէ Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ եւ տարբեր ռազմափորձեր կը կատարէ, իրականութեան մէջ որեւէ հիմք չունի»:
«Նման տեղեկատուութեան տարածումը նպատակ ունի վնասել երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութեան եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններուն», նշած է ան:
Հասանովն ու Պաղերին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են նաեւ Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ զինուորական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները: