Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Մենք Մեր Նահատակներուն Գնով Ապահովեցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Չորս Բանաձեւերու Իրականացումը»

October 3, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան երեք տարի առաջ հասած է իր հիմնական նպատակին` վերականգնած է 30 տարի խախտուած տարածքային ամբողջականութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաքուի մէջ գումարուած Տիեզերագնացութեան 74-րդ միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Անոր համաձայն, 30 տարի շարունակ Ազրպէյճանը գրաւման եւ ազգային զտումներու զոհ էր:

«Ատիկա մեծ ողբերգութիւն էր մեր ժողովուրդին համար եւ մարդասիրական մեծ աղէտ: Մենք երկար տարիներ փորձած ենք տագնապին եւ բռնագրաւումին վերջ տալ խաղաղ ճամբով», ըսած է Ալիեւ:

Անոր հաւաստումով, 28 տարի շարունակ Ազրպէյճանը հաւատարիմ էր բանակցային հոլովոյթին, սակայն երեք տարի առաջ որոշած է օգտուիլ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ երաշխաւորուած ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն:

«Երեք տարի առաջ մենք ազատագրեցինք մեր տարածքները, վերջ դրինք բռնագրաւումին, իսկ անցեալ ամիս մենք ամբողջութեամբ վերականգնեցինք մեր գերիշխանութիւնը», յայտարարած է Ալիեւ:

Ան քննադատած է միջազգային կազմակերպութիւններու աշխատանքը` նշելով, որ անոնք պարտաւոր էին վերջ տալ տագնապին, սակայն որեւէ արդիւնքի չեն հասած:

«ՄԱԿ-ի չորս բանաձեւերը կը պահանջէին հայկական զինեալ ուժերու ամբողջական, անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերում, սակայն այդ բանաձեւերը թուղթի վրայ մնացին 27 տարի: Մենք մեր նահատակներու կեանքին գնով ապահովեցինք անոնց իրականացումը», աւելցուցած է Իլհամ Ալիեւ:

Անոր համաձայն, Հարաւային Կովկասը այսօր կրնայ թեւակոխել խաղաղութեան դարաշրջան:

«Ասիկա մեր կարծիքն է: Համագործակցութիւն, փոխշահաւէտ նախագիծեր, փոխադարձ շահ: Այսօր մենք ատիկա ցոյց կու տանք», ընդգծած է պետութեան ղեկավարը:

Նախորդը

Վահան Պիչախչեան Կոլի Հեղինակ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.