Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիտան. «Իրաքի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Եւ Քաթարի Հետ Թուրք-Իրաքեան Զարգացման Ճամբու Ծրագիրին Շուրջ Եռանդուն Բանակցութիւններ»

September 15, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճէյմս Քեվըրլիի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Առեւտուրի նոր ճամբաները կարեւոր դարձան վերջին տարիներուն տեղի ունեցած աշխարհաքաղաքական զարգացումներէն ետք, ներառեալ «Քորոնա»-ի համաճարակի, ռուս-ուքրանական պատերազմին եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի կամ Արեւմուտքի եւ Չինաստանի միջեւ մրցակցութեան լոյսին տակ»:

«Այդ զարգացումները նաեւ վերականգնեցին առաջարկը առեւտրական այլ ճամբաներու, որոնք տեսականօրէն քննարկուած էին: Առեւտրական ճամբաները միայն առեւտուրի բաւարարում չեն նշանակեր, այլ միեւնոյն ժամանակ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան արտացոլացում են», ըսաւ Ֆիտան:

Խօսելով «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին Հնդկաստանի, Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի միջեւ տնտեսական միջանցքի ծրագիրին վերաբերեալ ստորագրուած փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութեան մասին` թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Երբ կը նայինք Հնդկաստանէն սկիզբ առնող եւ վերջերս «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին ստորագրուած ծրագիրին, կը տեսնենք, որ մասնագէտներ կասկածներ ունին անոր հիմնական նպատակին, խելամտութեան ու արդիւնաւէտութեան շուրջ: Այս կասկածները աւելի առնչուած են աշխարհաքաղաքական մտավախութիւններուն»:

Ֆիտան ըսաւ, որ Թուրքիան ներկայիս զբաղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին այդ վեհաժողովի ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին առաջարկուած «Զարգացման ճամբու» ծրագիրով, որ կ՛երկարի Ծոցի շրջանին մէջ իրաքեան Պասրա նահանգէն հիւսիսային Իրաք, ապա Թուրքիա, եւ որ Ասիան Եւրոպայի պիտի կապէ: «Մասնաւորաբար Իրաքը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Թուրքիան ու Քաթարը այդ ուղղութեամբ եռանդուն բանակցութիւններ կը վարեն», յայտարարեց ան:

«Էրտողան իր էմիրաթցի պաշտօնակից շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ իր հանդիպումի ընթացքին անոր հետ համաձայնեցաւ յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին ամբողջացնելու այս ծրագիրի պաշտօնական վերջնական քայլերը, առնուազն փաստաթուղթի նախագծման եւ գործնականին մէջ կիրարկման առումով», յայտնեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

 

Նախորդը

Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարները Շրջանի Կացութեան Եւ Անվտանգութեան Հարցերու Շուրջ Միտքեր Փոխանակած Են

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Միջազգային Քրէական Դատարանին Կոչ Ուղղած Է Լուքաշենքոյի Ձերբակալման Հրամանագիր Հրապարակելու

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.