Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինեան Դիմադրութեան Աննախընթաց «Աքսայի Ջրհեղեղ» Գործողութիւնը Ցարդ Պատճառեց Առնուազն 700 Զոհ

Հոկտեմբեր 9, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ երէկ Համասի անակնկալ յարձակումէն մէկ օր ետք, պաղեստինցի մարտիկներու եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ Հարաւային Իսրայէլի մէջ բուռն բախումները շարունակուեցան, Իսրայէլ երէկ «պատերազմական իրավիճակ» յայտարարեց, ինչ որ, ըստ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակին, կառավարութեան կ՛արտօնէ «զինուորական նկատառելի աշխատանքներ» կատարել:

Համասի զինեալները շաբաթ առաւօտեան շուրջ ժամը 6:30-ին «Աքսայի ջրհեղեղ» կոչուած անակնկալ եւ յանդուգն գործողութիւն մը շղթայազերծելով դուրս եկան Կազայէն եւ ներխուժեցին իսրայէլեան բազմաթիւ բնակեցման վայրեր` գրաւելով իսրայէլեան բանակի բազմաթիւ դիրքեր եւ կեդրոններ, ինչպէս նաեւ սպաննելով աւելի քան 700 իսրայէլացիներ եւ վիրաւորելով շուրջ 2156 ուրիշներ, որոնցմէ 350-ին ստացած վէրքերը վտանգաւոր են:

Համաս իր յարձակումին ընթացքին օգտագործեց անօդաչու թռչող սարքեր եւ արձակեց հազարաւոր հրթիռներ` թիրախաւորելով նաեւ Թել Աւիւը: Համասի զինեալները վնասազերծեցին իսրայէլեան հրասայլեր եւ գրաւեցին իսրայէլեան բանակին պատկանող մեքենաներ:

Իսրայէլեան բանակը երէկ որոշեց Կազայի մօտ գտնուող 25 իսրայէլեան բնակեցման վայրերու բնակիչները տարհանել: Իսրայէլեան իշխանութիւնները նաեւ յորդորեցին դատարկել Լիբանանի հետ սահմանին մօտ գտնուող բնակեցման վայրերը:

Պաղեստինցի զինեալները Իսրայէլի մէջ լայն տարածքներ իրենց վերահսկողութեան տակ առնելէ ետք նաեւ գերեվարեցին բազմաթիւ իսրայէլացի զինուորներ եւ քաղաքայիններ: «Ճերուզալեմ Փոսթ» հաղորդեց, որ, ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, 750 իսրայէլացիներու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: Համաս յայտարարեց, որ բազմաթիւ իսրայէլացիներ գերեվարած է:

Միւս կողմէ, Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 370 պաղեստինցիներ զոհուած են եւ 2200 ուրիշներ վիրաւորուած: Իսրայէլեան օդուժը բուռն յարձակումներ գործելով Կազայի մէջ բազմաթիւ բարձրայարկ շէնքեր քանդեց:

Մինչ այդ, եգիպտացի ոստիկան մը երէկ Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ իր անձնական զէնքէն կրակ բանալով սպաննեց իսրայէլացի 2 զբօսաշրջիկներ:

Իսրայէլ ամրապնդեց աշխարհի տարածքին իր դեսպանատուներուն անվտանգութեան քայլերը:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի յայտարարեց, որ Իրան կը զօրակցի պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական ինքնապաշտպանութեան` նշելով. «Սիոնական վարչակարգն ու անոր աջակիցները պատասխանատու են շրջանին մէջ անկայունութեան համար»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ հաւանական է, որ իր երկիրը նոր զինուորական աջակցութիւն տրամադրէ Իսրայէլին: «Կը սերտենք իսրայէլացիներուն կողմէ ներկայացուած որոշակի յաւելեալ դիմումները: Կը կարծեմ յառաջիկայ ժամերուն այդ մասին աւելի կ՛իմանաք», ըսաւ ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ցուցմունք տուած է Իսրայէլին տրամադրել այն ամէնը, որուն ներկայիս Համասի յարձակումներուն դէմ դնելու համար կարիքը ունի:

Պլինքըն յայտարարեց. «Մեր կարելին կ՛ընենք, որպէսզի մէկ այլ ճակատ չբացուի, ներառեալ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի հետ»:

«Ասիկա 1973-էն ի վեր Իսրայէլի ենթարկուած յոռեգոյն յարձակումն է, եւ Համասի կողմէ ամերիկացիներու գերեվարման մասին տեղեկութիւններ ունինք, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ կան «Աքսայի ջրհեղեղ» ճակատամարտին մէջ ամերիկացի զոհերու եւ անհետ կորսուածներու մասին, եւ աշխատանք կը կատարենք զանոնք ստուգելու»:

Պլինքըն շեշտեց, որ սէուտ-իսրայէլեան յարաբերութիւններու բնականոնացման խոչընդոտումը կրնայ Իսրայէլի վրայ յարձակումի դրդապատճառներէն մէկը ըլլալ:

Նախորդը

Աֆղանիստանի Մէջ Երկրաշարժը 2400 Կեանքեր Խլեց

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Զգուշացուց Թաէֆի Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու Արկածախնդրութենէն

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?