Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Սի. Էն. Էն. Թիւրք»-ի. Իսրայէլեան Գաղտնի Սպասարկութեան Թիրախը Նաեւ Թուրքիան Է

October 4, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական բաժինի տնօրէն Նիհաթ Ուլուտաղ անդրադարձած է շրջանին մէջ Իսրայէլի նկրտումներուն: Ան պնդած է, որ Իսրայէլ ներկայիս կ՛ընէ այն, որուն համար բաւական լաւ հիմք դրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:

«Հոգեբանական պատերազմի արհեստագիտութեամբ, Մոսատի (Իսրայէլի արտաքին հետախուզութիւն, «Ա.») գործակալներով եւ հետախոյզներով նախ թիրախ հանդիսացող երկրին տնտեսութիւնը կը փլուզեն, յետոյ կը ստեղծեն քաղաքական անկայունութիւն եւ պառակտումներ կը մտցնեն:

«Այնտեղ ալ հասարակութեան արժէքային դատողութիւնները կը տարանջատեն իրարմէ եւ մէկը միւսին թշնամի կը դարձնեն, եւ այսպէս արդէն պատրաստ է գործողութեան համար», ըսած է ան:

Ուլուտաղ նշած է նաեւ, որ այդպէս եղած է նախ Պաղեստինի Կազա շրջանին մէջ, իսկ այժմ` Լիբանանի մէջ:

«Կարգին մէջ Սուրիան ալ կայ, վտանգի տակ է նաեւ մեր ներքին ամրոցը: Քայլ առ քայլ իրականացուող ծրագիր կայ», աւելցուցած է ան:

Պատկերասփիւռի լրատուական բաժինի տնօրէնը նաեւ նշած է, որ վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ Մոսատի դէմ բազմաթիւ գործողութիւններ կատարուած են:

«Էրտողանն ալ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ ներքին ճակատը վտանգի տակ է», ըսած է ան:

Ուլուտաղ նաեւ ընդգծած է, որ հասարակական միջադէպեր հրահրելու համար իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան լրտեսներու կողմէ յաճախակի ընտրուող տարբերակը ընկերային ցանցն է:

«Քաղաքացին ընկերային ցանցերու վրայ իր տեսած ամէն բանի պէտք չէ հաւատայ: Ասիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ նպատակը հետեւեալն է. ամրոցը դարձնել անպաշտպանունակ` խաղաղութիւնը փճացնելով եւ հասարակութեան մէջ եղած արժէքները իրարու նկատմամբ թշնամական դարձնելով», նշած է ան:

Նախորդը

Պաքուն «Կողմնակալութեան» Յանցանքով Կը Մեղադրէ Ուաշինկթընը

Յաջորդը

Սուրիոյ Ծովեզերեայ Ժապլէ Քաղաքի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

RelatedPosts

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի  Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր  Ժողովներ Գումարուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր Ժողովներ Գումարուած Են»

September 23, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»
Միջազգային

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»

September 23, 2026
Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի,  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.