Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուն «Կողմնակալութեան» Յանցանքով Կը Մեղադրէ Ուաշինկթընը

October 4, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուն կողմնակալութեան յանցանքով մեղադրած է Ուաշինկթընը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ նախ քննադատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերով օգնական Տաֆնի Ռենտին, Վարշաւայի խորհրդաժողովի 1 հոկտեմբերի յայտարարութեան համար եւ «զարմանալի» որակած Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու մասին անոր անդրադարձը:

«Հետաքրքրական է, որ հակառակ Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումի ընթացքին մարդկութեան դէմ կատարուած լայնածաւալ յանցագործութիւններուն եւ ազրպէյճանցիներու ջարդերուն, ամերիկեան կողմը միայն հիմա կ՛անդրադառնայ միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտումներու վերացման կարեւորութեան», ըսած է Հաճիզատէ` շեշտելով. «Միացեալ Նահանգներ շուրջ 30 տարի անտեսած են Հայաստանի այս յանցագործութիւնները»:

«Եթէ ամերիկեան կողմը կ՛ուզէ անաչառութիւն եւ արդար դիրքորոշում ցուցաբերել, ապա նախ պէտք է պահանջէ հետաքննել Հայաստանի կողմէ կատարուած բազմաթիւ յանցագործութիւններ, որպէսզի մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուին: Հակառակ պարագային, ասիկա ոչ այլ ինչ է, քան հայկական քարոզչութեան ազդեցութեան տակ կատարուած միակողմանի յայտարարութիւն», ըսած է ազրպէյճանցի դիւանագէտը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականը, իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադառնալով Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն, նշած է. «Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ ԵԱՀԿ-ի հետ եւ միջազգային այլ ջանքեր պիտի գործադրենք` լուծելու միջազգային օրէնքի խնդիրները, որոնք կը ծագին շրջանին մէջ: Մենք կը շարունակենք դիտարկել միջազգային մարդասիրական օրէնքի ենթադրեալ խախտումները նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»:

 

Նախորդը

Պորել. «Նոր Ընդհանուր Քարտուղարի Օրով ՕԹԱՆ-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութիւնը Պիտի Ամրապնդուի»

Յաջորդը

Ըստ «Սի. Էն. Էն. Թիւրք»-ի. Իսրայէլեան Գաղտնի Սպասարկութեան Թիրախը Նաեւ Թուրքիան Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.