Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զէյնա» Հեռացաւ` Իր Ետին Ձգելով Սպիտակ Գեղեցկութիւն Եւ Սաստիկ Ցուրտ

January 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

010815_tsun10Լիբանանը հարուածող «Զէյնա» փոթորիկը երէկ հեռացաւ` իր ետին ձգելով սպիտակ գեղեցկութիւն եւ սաստիկ ցուրտ:

Պէյրութի օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդերեւութաբանական գրասենեակին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն համաձայն, «Զէյնա» փոթորիկը սկսած է Լիբանանէն հեռանալ ծովեզերեայ եւ ապա լեռնային շրջաններէն:

Նոյն գրասենեակին համաձայն, ծովու մակերեսէն 400 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն տեղացած է, յատկապէս հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի մէջ:

Տեղացած առատ ձիւնը պատճառ դարձած է, որ Շեպաա գիւղաքաղաքը ամբողջութեամբ ձիւնածածկ դառնայ եւ անջատուի իր մերձակայ շրջաններէն:

Հերմելի եւ Պեքաայի մէջ ելեկտրական հոսանքի լուրջ հարցեր ստեղծուած են:

Կը նախատեսուի, որ այսօր ջերմաստիճանը հասնի 4-ի:

Կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով եւ համաձայն կրթութեան նախարարութեան որոշումին, Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր դպրոցները պիտի մնան փակ եւ աշակերտները դպրոց պիտի վերադառնան երկուշաբթի, 12 յունուարին:

Ներքին ապահովութեան ուժերը հսկեցին քաղաքացիներուն անվտանգութեան եւ ամէն ջանք ի գործ դրին բանալու ձիւնով փակուած ճամբաները:

Ըստ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկութիւններուն, ամբողջութեամբ փակ են Տահր Պայտարի, Հերմել-Սիր Տըննիէի, Քասըր-Քըպէյեաթի, Զահլէ-Թարշիշի, Սաննին-Թարշիշի, Մաասեր Շուֆ -Պարուք-Քըֆրայայի եւ Լաքլուք-Աքուրայի ճամբաները:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ . «Պըրրի Հաստատեց, Որ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Անկարելի Է, Որ Այցեգիրի Դրութիւն Հաստատուի» Շեշտեց Ալի

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարը Հայ Երիտասարդներ Պիտի Հրաւիրէ Թուրքիա

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.