Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան` «Զէյնա»-ի Ազդեցութեան Տակ

Յունուար 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

010715_tsun1Պէյրութի օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդերեւութաբանական գրասենեակին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն համաձայն, Լիբանանը հարուածող «Զէյնա» փոթորիկը ընթացքի մէջ է եւ ծովու մակերեսէն 600 մեթր բարձրութեան վրայ արդէն իսկ ձիւնած է, իսկ երէկ ուշ երեկոյեան ծովու մակերեսէն 400 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնած է:

Կը նախատեսուի, որ այսօր «Զէյնա» ձիւնամրրիկը յաւելեալ ուժգնութեամբ շարունակուի` ջերմաստիճանը հասցնելով 6-ի, իսկ ան իր գագաթնակէտին պիտի հասնի ուրբաթ առաւօտեան` ջերմաստիճանը հասցնելով 4-ի:

Կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով եւ համաձայն կրթութեան նախարարութեան որոշումին, Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր դպրոցները պիտի մնան փակ:

Ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք ամբողջ օրուան ընթացքին հսկեցին քաղաքացիներուն անվտանգութեան, բոլորէն պահանջեցին հետեւիլ իրենց ցուցմունքներուն եւ կոչ ուղղեցին անոնց հեռաձայնելու 112 թիւին` ստուգելու համար որեւէ ճամբու վիճակի պարագայ:

Ըստ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկութիւններուն, ամբողջութեամբ փակ են Տահր Պայտարի, Զահլէ-Թարշիշի, Սաննին-Թարշիշ-Արզի, Մաասեր Շուֆ -Պարուք-Քըֆրայայի եւ Լաքլուք-Աքուրայի ճամբաները:

Շղթայ կրող անիւներով օժտուած ինքնաշարժները կրնան հասնիլ Էհտեն եւ Քֆարտըպիանի չմշկելու վայրերը:

Լիբանանի լեռներուն վրայ տեղացած ձիւնը սպիտակով ծածկեց նաեւ Աքքարը, Շէյխ Այյաշը, Հըքըր Տահիրին, ինչպէս նաեւ բարձրացուց Քապիր գետին ջուրի մակարդակը:

«Զէյնա»-ի միջոցով Լիբանան հասած ձիւնը փակեց նաեւ Իքլիմ Խարրուպի, Ժեզզինի, Մերժահիունի, Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի ճամբաները:

Փոթորիկը Սաստկացուց Սուրիացի
Գաղթականներուն Տագնապը

Լիբանանը հարուածող փոթորիկը սաստկացուց հոն հաստատուած սուրիացի գաղթականներուն տագնապը: Փոթորիկին պատճառով Պաալպեքի մէջ գտնուող շուրջ 40 վրաններ ձիւնով շրջափակուեցան եւ անկարելի եղաւ հասնիլ անոնց:

Փոթորիկը պատճառեց նաեւ մահուան չորս պարագաներ, որոնցմէ երկուքը` երեխաներ:

Ցուրտին պատճառով Շեպաայի մէջ մահացաւ սուրիացի հովիւ Ամմար Քամալը (35 տարեկան), ինչպէս նաեւ ութամեայ սուրիացի երեխայ մը:

Պեքաայի մէջ հաստատուած սուրիացի գաղթականներուն վրաններուն մէջ ցուրտին պատճառով մահացաւ 10-ամեայ աղջնակ մը` Հիպա Ապտել Ղանի:

Գաղթականները հաստատեցին, որ ջեռուցման եւ սննդեղէնի լուրջ տագնապ կայ, իսկ փոթորիկին պատճառով տեղացած անձրեւներուն իբրեւ հետեւանք վրաններուն մէջ ողողումներ արձանագրուած են:

 

Նախորդը

Հըզպալլայի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Անթիլիասի Մէջ

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ.   «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը  Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ»  Շեշտեց Պիզլի
Լիբանանեան

Վարչապետարանին Մէջ. «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Պիզլի

Յունուար 28, 2023
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական  Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի  Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները

Յունուար 28, 2023
Իրլանտայի Պաշտպանութեան  Նախարարը Այցելեց Լիբանան
Լիբանանեան

Իրլանտայի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In