Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան համախոհական նախագահ մը, որ երկիրը դէպի ապահովութիւն կ՛առաջնորդէ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութեան եւ փուռերու սեփականատէրերու սենտիքային միջեւ գոյացաւ համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ երկուշաբթի, 12 յունուարէն սկսեալ մէկ կապ արաբական հացին կշիռքը 50 կրամով պիտի աւելնայ` դառնալու համար 950 կրամ:

ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը խստիւ դատապարտեց «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան դէմ գործուած յարձակումը եւ կոչ ուղղեց դէմ դնելու ոճրային արարքներուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ցաւակցագիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` խստիւ դատապարտելով Փարիզի մէջ «Շարլի Էպտօ» խմբագրատան դէմ գործուած ահաբեկչական արարքը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնելով ֆրանսացիներուն, որոնք կը պայքարին ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը նախանցեալ երեկոյեան Քապ Էլիասի մէջ ձերբակալեց սուրիացի Մուսա Օպէյտ Խտըրը, որ մաս կը կազմէ ահաբեկչական խմբաւորումի մը: Բանակը Խտըրի բնակարանէն գրաւեց մեծ քանակով զէնք ու զինամթերք, որոնց շարքին նաեւ ձեռնառումբեր:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քրիսթիան Քլակըսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները եւ որմէ ստացաւ շնորհաւորութիւններ` տօնական օրերուն առիթով: Աուտէ եպիսկոպոսին այցելեց նաեւ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ, որ շեշտեց, թէ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը երազներու վրայ չէ հիմնուած:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան առանձինն ստանձնելու աղբերէն ձերբազատելու թղթածրարին լուծումը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Թրիփոլիի պայթումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն արիւնը սակարկութեան կարելի չէ ենթարկել:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ աղբերու թղթածրարին հարցով իրենք տագնապի դէմ յանդիման չեն գտնուիր:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրա մօտիկ ապագային նոր նախաձեռնութիւններ պիտի առաջադրէ` վերջնականապէս լուծելու համար առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ հանդիպումը կատարելու առումով աճապարուած չեն` աւելցնելով, որ նպատակը լուծման մը յանգիլ է եւ ոչ թէ հանդիպումէն լուսանկար մը ստանալը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ երկխօսութիւնը կրնայ նախագահական ընտրութեան առումով յստակ լուծում մը ապահովել:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան վերջ տալու Լիբանան մուտք գործող սուրիացի քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած ծանր պայմաններուն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Լիբանանի թղթածրարը Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւններէն կարելի չէ նկատել:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք չեն փափաքիր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ձեւական հանդիպում մը ունենալ, այլ կը մաղթեն, որ այդ հանդիպումը ըլլայ արդիւնաւէտ տեսակցութիւն մը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը հրաժարած ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէ, յատկապէս քաղաքացիներուն պահանջները գոհացնելու պատասխանատուութիւնները ստանձնելու առումով:

Նախորդը

Ժընեւի Մէջ Իրանի Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Ամերիկեան Պատուիրակութիւնը Պիտի Գլխաւորէ Ուինտի Շըրմըն

Յաջորդը

Քարամէ. «Ցմահ Հօրս Քաղաքական Ուղեգիծով Պիտի Գործեմ»

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ.   «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը  Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ»  Շեշտեց Պիզլի
Լիբանանեան

Վարչապետարանին Մէջ. «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Պիզլի

Յունուար 28, 2023
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական  Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի  Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները

Յունուար 28, 2023
Իրլանտայի Պաշտպանութեան  Նախարարը Այցելեց Լիբանան
Լիբանանեան

Իրլանտայի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In