Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել ցաւակցագիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին եւ պաշտպանութեան նախարար Իվ Լոտրիանին` դատապարտելով «Շարլի Էպտօ»-ի դէմ արձանագրուած ահաբեկչութիւնը եւ շեշտելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ ֆրանսական դեսպանատան միջեւ գործակցութիւնը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն համաձայն, Սուրի մէջ Ալի եւ Խտըր Մազեհներու սպանդանոցը, ինչպէս նաեւ 15 այլ հաւնոցներ կարմիր մոմով պէտք է փակուին` նկատի ունենալով, որ անոնք առողջապահական անհրաժեշտ պայմաններն ու չափանիշները չեն ամբողջացներ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հրապարակեց շրջաբերական մը, ըստ որուն քաղաքապետարանները պէտք է պատրաստեն ընդհանուր տեղեկագիր մը`  հին շէնքերու եւ փլուզման ենթակայ կառոյցներու գծով, եւ այդ մասին իմացնեն ներքին գործոց նախարարութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ իր եւ Փաղանգաւոր ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն միջեւ ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յոյս յայտնեց, որ ի վերջոյ կարելի ըլլայ լուծել աղբերուն թղթածրարը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ ինք լաւատես չէ աղբերու թղթածրարին համար նախատեսուած լուծումներով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ սուրիացի քաղաքացիներուն դէմ որդեգրուած միջոցառումները կը հակադրուին Լիբանան-Սուրիա եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ սուրիացի քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած խիստ օրէնքները կարելի չէ ողջունել. ան աւելցուց, որ այդ որոշումները եղբայրական յարաբերութիւններ չեն դրսեւորեր:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ խստիւ դատապարտեց Ֆրանսայի դէմ գործուած ահաբեկչական արարքին շահագործումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց Ֆրանսայի կառավարութեան ու ֆրանսացի ժողովուրդին:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբթուան կիսուն:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին պայման չէ, որ տարակարծութիւնները վերջնական կերպով լուծուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումը Պքերքէի մէջ տեղի պիտի չունենայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը սկսած է թիրախ դարձնել ամբողջ աշխարհը եւ անհրաժեշտ է լուծել անոր դրդապատճառները:

 

 

Նախորդը

«Շարլի Էպտօ»-ի Ջարդին Կասկածեալները Վառելանիւթի Կայարան Մը Կողոպտած Են

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան – Ֆաթհալի Հանդիպում

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ.   «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը  Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ»  Շեշտեց Պիզլի
Լիբանանեան

Վարչապետարանին Մէջ. «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Պիզլի

Յունուար 28, 2023
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական  Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի  Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները

Յունուար 28, 2023
Իրլանտայի Պաշտպանութեան  Նախարարը Այցելեց Լիբանան
Լիբանանեան

Իրլանտայի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In