Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ պլոքը ողջունեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը:
Մուսթաքպալ պլոքը գնահատեց կառավարութեան կողմէ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող որոշումները` զանոնք նկատելով գերիշխանական: