Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի երկրին ապահովական ծրագիրը ամրապնդող բոլոր քայլերուն եւ նախաձեռնութիւններուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժապալ Մըհսենը ահաբեկչութեան թիրախ դարձուցած անձնասպանական գործողութեան հեղինակ Թահա Խայյալ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանէն ուղղուած է հիւսիսային Լիբանան եւ ուղղակի յարաբերութեան մէջ եղած է դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործ Շատի Մաուլաուիի հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Ժապալ Մըհսենի մէջ որդեգրած է ապահովական խիստ միջոցառումներ` փակելով դէպի Ժապալ Մըհսեն տանող բոլոր մուտքերը:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ մտահոգութիւն կը յայտնեն Լիբանանի ապահովական կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ կը նախատեսեն, որ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ապահովական միջադէպեր արձանագրուին:

ՏԱՀՐ Պայտարի ճամբան բաց էր բոլոր ինքնաշարժներուն համար, բացի բեռնատարներէն:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կրցած է ազգային շահերու կառավարութիւնը պահպանել իր իմաստուն կեցուածքներուն շնորհիւ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, իսլամական բանտարկեալներուն դատավարութեան առումով արձանագրուած յապաղումը պատճառ դարձաւ, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղութիւնը աճ արձանագրեն:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան, իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել բացայայտեց, որ Ռումիէի մէջ ապահովական խախտումները եւ ապօրինութիւնները սկսած են Աշրաֆ Ռիֆիի եւ Ուիսամ Հասանի պաշտօնավարութեան օրով: Ան դրուատեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի իրագործումը Ռումիէի բանտին մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի լիբանանեան իշխանութիւններէն պահանջեց Ռումիէի մէջ գտնուող սէուտցի բանտարկեալները դատավարութեան ենթարկել:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ փետրուար ամսուան ընթացքին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ուշացած է Ռումիէի բանտին հարցով, եւ պէտք է պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրոյէն, կը գրէ, թէ ըստ ֆրանսացի պաշտօնատարին, Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը կարելի է կատարել այն ատեն միայն, երբ զօր. Միշել Աուն եւ Սամիր Ժահժահ իրենց թեկնածութիւնները յետս կոչեն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժապալ Մըհսենի մէջ անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու որոշումը տրուած է Ռաքքայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կազմակերպութեան կողմէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի իր կատարեալ զօրակցութիւնը յայտնեց Ռումիէի գործողութեան` աւելցնելով, որ այդ գործողութիւնը 2009-էն ի վեր պէտք էր կատարուէր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շնորհաւորեց լիբանանեան պետութիւնը` Ռումիէի բանտը իր հակակշիռին տակ առնելու առիթով:

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժեր Մընիէի մէջ ձերբակալեցին Պասսամ Նապուշը, որ ամբաստանուած էր կարգ մը ահաբեկչական գործողութիւններու իր մեղսակցութեամբ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ նախարար Պութրոս Հարպ երէկ հանդիպում մը ունենալէ ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութիւնը կը դիւրացնէ նախագահական ընտրութիւնը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Փլամպլի ընդգծեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ լիբանանեան գերիշխանութեան զօրակցութեան:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Սուրի մէջ ձերբակալեց լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած ամէնէն վտանգաւոր յանցագործներէն մէկը` Ս. Զ., որ պաղեստինցի մըն է:

ԶԱՀԼԷԻ երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց ամրապնդելու ազգային միասնականութիւնը` դիմագրաւելու համար Լիբանանը հարուածած ահաբեկչութեան ալիքը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հիշամ Սաֆիէտտին ընդգծեց բոլոր ահաբեկիչներու նպատակներուն իմաստուն եւ քաջ կերպով դէմ դնելու կարեւորութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի կարգ մը երեսփոխաններ ներդրում ունեցած են ծայրայեղութիւնը քաջալերելու իմաստով:

 

 

 

Նախորդը

Օպամա. «Պաղեստինեան Իշխանութիւնը Պետութիւն Մը Չէ Եւ Միջազգային Քրէական Դատարանին Անդամակցելու Ատակ Չէ»

Յաջորդը

Փլամպլի Այցելեց Ամմար Մուսաուիի

RelatedPosts

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Մարտ 23, 2023
Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու  Նիստը Քննարկեց Ելեւմտական Մարզին  Վերաբերող Հարցեր
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստը Քննարկեց Ելեւմտական Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Մարտ 23, 2023
Պքերքէի Մէջ. «Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի  Հրաւէրը Անկախ Է Եւ Ռայի Պատրիարքին  Քաղաքական Նախաձեռնութեան Հետ Չէ Առնչուած»   Շեշտեց Սայեղ
Լիբանանեան

Պքերքէի Մէջ. «Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի Հրաւէրը Անկախ Է Եւ Ռայի Պատրիարքին Քաղաքական Նախաձեռնութեան Հետ Չէ Առնչուած» Շեշտեց Սայեղ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In