Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ բարձր գնահատեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի ի գործ դրած ջանքերը` Ռումիէի բանտին մէջ արձանագրուող ապօրինութիւններուն վերջ տալու իմաստով: Ան Մաշնուքի առած քայլը կարեւոր նկատեց պետութեան հեղինակութիւնը վերահաստատելու առումով եւ կոչ ուղղեց արագացնելու իսլամական բանտարկեալներուն դատավարութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տօնական օրերուն առիթով անոր ներկայացուց իր շնորհաւորութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի կոչ ուղղեց արագացնելու իսլամական բանտարկեալներուն դատավարութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Ռումիէի բանտին մէջ մարդկային պայմաններ ստեղծելու կարեւորութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ ապահովական լուրջ խնդիրներ` աւելցնելով, որ Մաշնուքի դիրքը եւ երկրին մէջ տիրող ներկայ քաղաքական պայմանները իրենց ներդրումը ունեցան` Ռումիէի գործողութիւնը յաջողցնելու իմաստով:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերը կը պատրաստուին ապահովական ծրագիր մը գործադրելու հիւսիսային Պեքաայի մէջ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ անհաւանական նկատեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելը` նկատի ունենալով այդ թղթածրարին դիմաց ցարդ դրուած խոչընդոտները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի միջեւ կատարուած երկխօսութեան վաղուան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին քաղաքական շարք մը հարցեր:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Ռումիէի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը ոչ մէկ ձեւով կրնայ պատճառ դառնալ առեւանգուած բանակայիններուն կեանքին կորուստին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա շեշտեց, որ Թրիփոլի բազմիցս եւ իւրաքանչիւր տագնապի դիմաց փաստած է, որ ինք կը զօրակցի պետութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումները ճիշդ հունի մէջ են:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, լուրջ մտահոգութիւն կայ, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչական քնացած բջիջները զգաստանան եւ երկիրը ենթարկեն ապահովական լուրջ վտանգներու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները իրենց միջեւ հասարակ յայտարարներու եւ փոխըմբռնումի փաստաթուղթ մը պիտի հրապարակեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Ռումիէի բանտին գործողութիւնը թարգմանութիւնն է Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը մերժող տրամաբանութեան:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը Սուրիոյ հետ սահմաններուն վրայ պիտի շարունակէ սուրիացի քաղաքացիներուն Լիբանան մուտքի յատուկ դասաւորումներուն գործադրութիւնը:

 

Նախորդը

«Շարլի Էպտօ» Լոյս Տեսաւ` Իր Կողքին Վրայ Մոհամետ Մարգարէն Վարկաբեկող Նոր Ծաղրանկարով Մը

Յաջորդը

Կենսոլորտի Նախարարը Այցելեց Ժոմպլաթի

RelatedPosts

Լիբանան Այցելելով`  Շիպանի.  «Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Վրայ  Հիմնուած Նոր Էջ Բացինք»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Այցելելով` Շիպանի. «Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Վրայ Հիմնուած Նոր Էջ Բացինք»

Հոկտեմբեր 11, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Խորհրդարանական Նիստ Պիտի Չգումարուի, Կարծիքս Պիտի Չփոխեմ Եւ Անոր Վրայ Հաստատ Պիտի Մնամ»

Հոկտեմբեր 11, 2025
Սքաֆ. «Նախագահ Աունը Հըզպալլայի Օգտին Կողմնակալութեան Յանցանքով Ամբաստանելը Անընդունելի Է»
Լիբանանեան

Սքաֆ. «Նախագահ Աունը Հըզպալլայի Օգտին Կողմնակալութեան Յանցանքով Ամբաստանելը Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?