
Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք երէկ այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ աղբերուն հարցին տրամադրուած լուծումը ազգային ծրագիր կը նկատուի` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը յանձնառու կը մնայ կենսոլորտային չափանիշներուն պահպանումին:
Մաշնուք յայտնեց, որ Ժոմպլաթ եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան իրենց յատուկ դերակատարութիւնը ունեցած են այդ թղթածրարին լուծման յանգելու իմաստով:
Իր կարգին, Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Սըպլինի մէջ աղբանոց մը պիտի չհաստատուի` աւելցնելով, որ Սըպլինի աղբի գործարանը պիտի օժտուի նոր զտիչով մը, որ առաւելագոյնը մինչեւ նոյեմբեր 2015 կարելի պիտի ըլլայ ապահովել:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ քաղաքական եւ ժողովրդային ճնշումներուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ յանգիլ աղբերու թղթածրարին լուծման: