
Վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ նախարար Ռաշիտ Տըրպաս երէկ այցելեց Ալեւի խորհուրդին կեդրոնատեղին, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձուցած պայթումներուն պատճառով նահատակուած քաղաքացիներուն հարազատներուն:
Տըրպաս հաստատեց, որ Թրիփոլի իր բոլոր բաղադրիչներով կը զօրակցի Ժապալ Մըհսենի` շեշտելով, որ վարչապետ Սալամ եւ Սաատ Հարիրի Աղէտներու հատուցման գերագոյն խորհուրդը զետեղած են Ժապալ Մըհսենի տրամադրութեան տակ, իսկ լիբանանեան պետութիւնը պատրաստ է օժանդակելու` վնասուած բոլոր ընտանիքներուն հատուցումներ կատարելու առումով:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ իր կարգին այցելեց Ժապալ Մըհսեն, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Ալեւի խորհուրդին կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող նահատակներուն ընտանիքներուն` շեշտելով, որ Ժապալ Մըհսենի ցաւն ու վէրքը Թրիփոլիի ցաւն ու վէրքն են:
Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք իրենց համակեցութեան եւ փոխադարձ զօրակցութեան շնորհիւ յաղթած են սադրանքներուն:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ Հարիրիի անունով` հաստատելով, որ Հարիրի իր բոլոր կարելիութիւնները պիտի դնէ ժապալ Մըհսենի մէջ վնասներ կրած քաղաքացիներուն օժանդակելու նպատակով: