Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ պատասխան-նամակ մը յղեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին, որ ցաւակցած էր «Շարլի Էպտօ»-ի սպանդին հարցով: Հոլլանտ հաստատեց, որ Ֆրանսա պիտի յաղթէ ահաբեկչութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքները աւելի հեզասահ կ՛ընթանան հանրապետութեան նախագահին գոյութեամբ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքին աշխուժացումը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել միայն նախագահական ընտրութիւն կատարելով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ ընթացող երկխօսութեան շրջագիծին մէջ նախագահական ընտրութեան հարցը ամէնէն կարեւորն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը պիտի հարուածէ արաբական բոլոր երկիրները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան թղթածրարը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ սկսած է աւելի յաճախ քննարկուիլ եւ զարգացումներ արձանագրել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երկխօսութեան ընթացքին կը քննարկուին բոլոր հարցերը, որոնց մէջ նաեւ նախագահական ընտրութիւնն ու Սամիր Ժահժահի կամ զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրելու կարելիութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ նախագահ մը ընտրելու իմաստով լիբանանցիներուն անկարողութիւնը ցուցանիշ է երկրին համայնքային դրութեան ամլութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքին որդեգրած կեցուածքները խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներն են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին մօտիկ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը կը հաստատէ, որ ան լիբանանեան պետութեամբ բնաւ չէ հետաքրքրուած:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ սպաներուն եւ բարձրաստիճան զինուորականներուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, ինչպէս նաեւ կարգ մը նշանակումներ ապօրինի են եւ արձանագրուած խախտումներ:

 

 

 

Նախորդը

Ռուսիա Եւ Հարաւային Օսեթիա Պետական Սահմանի Մասին Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Յաջորդը

Ռուսական «Ուինտի»-ն Սաստիկ Ցուրտի Ալիքով Մը Պիտի Պատէ Լիբանանը

RelatedPosts

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը
Լիբանանեան

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը

Ապրիլ 1, 2023
Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Ապրիլ 1, 2023
Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի  Երանացման Ուղիին Վրայ
Լիբանանեան

Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի Երանացման Ուղիին Վրայ

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In