Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որ անոր յանձնեց Թուրքիա այցելութեան հրաւէր մը` յղուած Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախարար Մոհամետ Ղուրմազի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ գործեց Արքուպի եւ Մերժահիունի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ պիտի ստորագրեն լիբանանեան պետութեան անքակտելիութեան համաձայնագիրը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ իրենք կ՛ողջունեն ներքին լիբանանեան որեւէ մերձեցում եւ կը մաղթեն, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը իրարու հետ համերաշխ ըլլան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ մաղթեց, որ երկխօսութիւնը արդիւնաւորուի համաձայնութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի դէմ բողոքը կը միտի կառավարութիւնը զգուշացնել իր իրաւասութիւնները շրջանցելու քայլէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ շեշտեց, որ բոլորին մօտ կայ որոշում եւ համոզում` կառավարութիւնը չձախողեցնելու առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի քննարկած են նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը յաջորդ հինգշաբթի օր եւս պիտի չկարենայ գումարել իր նիստը` կառավարութեան գործելաձեւին շուրջ անհամաձայնութեան պատճառով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Վատիկանէն վերադարձը կրնայ նախագահական առումով նոր տուեալներ բերել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն մէկզմէկու հետ գործակցելու` ահաբեկչութեան վերջ դնելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի քաղաքական բոլոր ուժերուն նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն կը վարէ` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ բոլորին գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ չափաւորականութեան ուղեգիծին, որուն լաւագոյն ներկայացուցիչը վարչապետ Թամմամ Սալամն է:

 

 

Նախորդը

Եգիպտոս Եւ Լիպիա Ապահովութեան Խորհուրդէն Կը Պահանջեն Լիպիական Բանակի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը Վերցնել

Յաջորդը

Քաթար Դարձեալ Պիտի Ստանձնէ Ժապհաթ Նուսրայի Հետ Բանակցութիւնները Վարելու Պարտականութիւնը

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.