Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիէն խնդրեց, որ ընդհանուր դատախազութենէն պահանջէ հետապնդել լիբանանցի բեմադրիչ Շարպել Խալիլի թուիթըրեան հաշիւով հրապարակուած նկարը, որ կը միտի համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ հրահրել: