Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Պաշտպանութեան Նախարարին Վստահութեան Քուէն Յետս Կը Կոչենք»

February 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

21715ԷAounՓոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ նախագահական աթոռը թափուր է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կողմէ կատարուած պաշտօնավարութեան երկարաձգումները ապօրինի են:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ աշխարհի բոլոր բանակներուն պարագային, երբ հրամանատարը սպաննուի, անոր կը յաջորդէ հրամանատարին օգնականը, իսկ եթէ օգնական չըլլայ, ապա անոր պատասխանատուութիւնները կը ստանձնեն բարձրաստիճան զինուորականները:

«Մենք կը մտածենք կարգ ու կանոնի մասին, որոնք պէտք է յարգուին զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարութիւններուն կողմէ: Եթէ նկատի ունենանք բանակը, ապա պիտի տեսնենք սպաներուն յուսալքուած վիճակը, պարզապէս որովհետեւ օրէնքները չեն յարգուիր, յատկապէս` պաշտօններու երկարաձգումի պատճառով», ըսաւ ան:

Այս առումով, զօր. Աուն նշեց, թէ կառավարութեան տուած որոշումները ապօրինի են` աւելցնելով, որ, երկրին սահմանադրութեան 25-րդ յօդուածին համաձայն, սպաները կը նշանակուին պաշտպանութեան նախարարին հրապարակած գիրով: «Իսկ զինուորական օրէնքին մէջ սպաներու պաշտօնավարութեան երկարաձգում գոյութիւն չունի, եւ այս առումով ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ զինուորական աստիճանաւորումը հարուածելով պաշտօնավարութեան երկարաձգումին «գիւտ»-ը պարտադրել: Հետեւաբար, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելին մեր շնորհած վստահութեան քուէն յետս կը կոչենք, որովհետեւ ան շրջանցած է իր իրաւասութիւնները», շեշտեց զօր. Աուն:

Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան` ուղղելու այս սխալը, աւելցնելով, թէ ինք վստահ է, որ այս հանգրուանին սպաներուն տրամադրութիւնները լաւ չեն:

Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն եւ ահաբեկչական գործողութիւններուն` զօր. Աուն յայտնեց, որ անպայման ահաբեկչութիւնը օր մը պիտի հարուածէ այն երկիրները, որոնք արտադրած են զայն:

Այս շրջագիծին մէջ ան խստիւ դատապարտեց Լիպիոյ մէջ եգիպտացի ղպտիներու սպանութիւնը` շեշտելով, որ կ՛ապրինք կեղծիքի եւ ստախօսութեան դար մը, որուն ընթացքին երկիրներուն մեծամասնութիւնը կը գործեն իրենց կատարած յայտարարութիւններուն հակառակ ուղղութեամբ:

Միւս կողմէ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ այս հարցով կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը յստակ է եւ հարիւր առ հարիւր տոկոսով օրինաւոր` հիմնուելով պաշտպանութեան նախարարի իր իրաւասութիւններուն վրայ:

«Բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէնին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւս կ՛իյնայ իմ իրաւասութիւններուս սահմաններուն մէջ` հիմնուելով օրէնքի թիւ 55-րդ յօդուածին վրայ», ըսաւ ան:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Հէյլը Եւ Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Յաջորդը

Ֆրանսայի Նախագահ Հոլլանտէն Նամակ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.