Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նահատակաց Հրապարակին Վրայ. Բանակի Նահատակներուն Ընտանիքները Կը Պահանջեն Անմիջապէս Մահապատիժի Ենթարկել Բանակին Դէմ Կռուողները

March 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-15-15_Place-Martyrs-1ph-S-BԵրէկ կէսօրէ առաջ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բանակին զօրակցութեան ցոյց մը, որ կազմակերպուած էր բանակի նահատակներու ընտանիքներուն կողմէ:

Նահատակ բանակայիններուն ընտանիքները լիբանանեան պետութենէն եւ դատական իշխանութիւններէն պահանջեցին անմիջապէս մահապատիժի ենթարկել բանակին դէմ կռուողները` խստօրէն մերժելով իրենց զաւակներուն թափած արեան գծով կատարուելիք որեւէ սակարկում:

Նախապէս երգիչ, Ապրայի մէջ բանակին դէմ մղուած պատերազմի մասնակից Ֆատլ Շաքերը պատասխանատուութեան կանչելէ ազատ կացուցելու հաւանականութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն լոյսին տակ կազմակերպուած այս ցոյցին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին նահատակ բանակայիններուն հարազատները, որոնք շեշտեցին, թէ բանակայինները սպաննող, գնդակոծող եւ անոնց դէմ պատերազմող յանցագործները եւ անոնց նեցուկ կանգնող կողմերը պէտք է մահապատիժի ենթարկուին:

Անոնք լուսարձակի տակ առին Շատի Մաուլաուիի ազատ արձակումը եւ մեծ թիւով ահաբեկիչներու բացայայտ զօրակցելու եւ նեցուկ կանգնելու իրականութիւնները եւ այս իմաստով դատապարտեցին քաղաքական պատասխանատուները` զանոնք կոչելով «Ժապհաթ նուսրա»-ներ եւ «ՏԱՀԵՇ»-ներ:

«Մենք կը մերժենք մեր զաւակներուն արեան գնով կատարուած սակարկութիւնները, ինչպէս նաեւ զիջումները` ընդգծելով, որ Շատի Մաուլաուիի եւ Ապու Թաքիէի հարցերով կատարուող զիջումները ի վերջոյ պատճառ պիտի դառնան, որ Ապու Պաքր Պաղտատի դառնայ Լիբանանի կառավարիչը», շեշտեցին անոնք:

Անոնք բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիին կոչ ուղղեցին երկաթեայ բազուկով հարուածելու Թրիփոլիի եւ Պեքաայի մէջ եւ վերջ տալու բոլոր անոնց, որոնք կը յանդգնին բանակին դէմ զէնք բարձրացնել:

Բանակի նահատակներուն ընտանիքները նաեւ պահանջեցին բանակին զինումը:

Նշենք, որ ցոյցին ընթացքին մերժուեցաւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն խօսք արտասանելու առիթ տալ եւ ընդգծուեցաւ, որ անոնք այս ցոյցին պիտի մասնակցին իբրեւ բանակին զօրակցող քաղաքացիներ:

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Մենք Բոլորս Բանակ Ենք Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Եւ Դիմադրութիւն Ենք` Իսրայէլի, Հաւատադրժողականներուն Եւ Ահաբեկիչներուն Դէմ»

Յաջորդը

Հրանուշ Յակոբեան Պըրրիին Առաջարկեց Բարձրաստիճան Պատուիրակութեամբ Մը Լիբանանը Ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչումին

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.