Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Մամուլէն Քաղուածքներ

Մարտ 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_4104Այս բաժինով կը ներկայացնենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի ձեռնարկին ընթացքին Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ եւ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աւագ ժողովրդապետ հայր Գէորգ Թ. Ծ. Վրդ. Եղիայեանի արտասանած խօսքը.

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան անունով կ՛ողջունեմ ձեզ,

1915-ին ցեղասպանութեան ենթարկուած մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն անունով կ՛ողջունեմ ձեզ,

6 մայիսին Դամասկոսի, Թրիփոլիի եւ Պէյրութի մէջ թրքական կախաղաններ բարձրացուած նահատակներուն անունով կ՛ողջունեմ ձեզ,

Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պաշտպանող լիբանանեան բանակին նահատակներուն անունով կ՛ողջունեմ ձեզ,

Լիբանանեան իսլամական եւ քրիստոնէական ազգային դիմադրութեան նահատակներուն անունով կ՛ողջունեմ ձեզ:

Կ՛ողջունեմ ձեզ արցունքոտ աչքերով, վշտահար սրտով եւ ընդվզած էութեամբ` հարց տալով ձեզի հետ, թէ ո՞ւր են ՄԱԿ-ի ուխտն ու բանաձեւերը: Ո՞ւր է միջազգային արդարութիւնը: Ո՞ւր են մարդկային սկզբունքները եւ ժողովուրդներուն իրաւունքները: Ո՞ւր է Աստուծոյ արդարութիւնը:

Յարգելինե՛ր, արդեօք այսօր մենք իրաւունք չունի՞նք սաղմոսներու ընդմէջէն աղաղակելու`

«Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները, ո՛վ Տէր,
Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները պիտի հրճուին.
Մինչեւ ե՞րբ պիտի բարբանջեն, անպատկառութեամբ պիտի խօսին,
Ու պիտի պարծենան` բոլոր անօրէնութիւն գործողները:
Ո՛վ Տէր, անոնք քու ժողովուրդդ կը ճզմեն,
Եւ քու ժառանգութիւնդ կը տառապեցնեն.
Այրին ու գաղթականը կը սպաննեն,
Որբերը կը մեռցնեն» (Սղ. 94.3,4,5,6):

Այո՛, մինչեւ ե՞րբ աշխարհը, երկիրներն ու պետութիւնները պիտի ուրանան այդ դժոխային ողբերգութիւնը, ճիւաղային ջարդերը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մենք կազմակերպեցինք այս ոգեկոչումը, որպէսզի համալսարանական այս ազատ եւ համախմբող ամպիոնէն յայտարարենք`

1915-ի սովին տոկացած Լեռնալիբանանի բարձունքներէն, թրքական եւ օսմանեան դաւադրութիւններուն ենթարկուած, կախաղաններու սիւներ վկայած Լիբանանէն, հայութիւնը եւ ապա անիրաւուած այլ ժողովուրդներ, ինչպէս` պաղեստինցիները, իրաքցիներն ու սուրիացիները դիմաւորած Լիբանանէն կը յայտարարենք եւ ամբողջ աշխարհին կոչ կ՛ուղղենք անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն, աղէտին եւ անոր Հայ սուրբ դատին:

Մենք աշխարհէն կը պահանջենք մեր արդար իրաւունքները, որոնք ցայսօր կը մնան բռնաբարուած` Թուրքիոյ եւ թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւններուն կողմէ:

Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ իր գործած ոճիրը, կը շարունակէ նենգափոխել պատմութիւնը` թմրեցնելով իր քաղաքացիներուն, ժողովուրդներուն եւ իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմավարական շահերը հետապնդող պետութիւններուն խիղճը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, ինչպէս անցեալին կատարած ենք եւ ապագային պիտի կատարենք, որոշած ենք լուռ չմնալ, այլ յիշել եւ պահանջել` ճանաչումը, հատուցումը եւ հողերու վերադարձը:

Նախ եւ առաջ կը պահանջենք Թուրքիոյ պետութենէն ճանչնալ Երիտթուրքերուն` Էնվերի, Թալէաթի եւ Ճեմալի գործած Հայոց ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն հոգիներուն եւ մարդկութեան հանգիստին համար, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեամբ էր, որ մարդկութեան դէմ ոճիր գործուեցաւ եւ նոյն մարդկութիւնն է, որ տակաւին կը ցեղասպանուի, այդ սպանդները ըլլան հիթլերական թէ նացիական, իսրայէլեան թէ սիոնական, ՏԱՀԵՇ-ական թէ հաւատադրժողական:

Երկրորդ` կը պահանջենք հատուցում` մեր եկեղեցական կալուածներուն, դպրոցներուն, պալատներուն, մշակութային թէ այլ հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ հողային բոլոր կալուածներուն, որոնք դժբախտաբար եւ ցաւ ի սիրտ ահաբեկչութեան թիրախ դարձած են, վերածուած են ախոռներու, զինուորական կեդրոններու, կառավարական շէնքերու, պղծուած է անոնց սրբութիւնն ու արժանապատուութիւնը, քանդուած են եւ վերածուած քարակոյտերու:

Երրորդ` մենք կը պահանջենք մեր հողերը` անոնց խորհրդանիշ Արարատով եւ Կիլիկիոյ դալար դաշտերով:

Այս պահանջներով մենք կը տառապինք Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի: Տիւ ու գիշեր այս մտահոգութեամբ լեցուած ենք եւ կ՛ուզենք կրօնի ու աշխարհի ոճրագործներէն մեր բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրանալ:

Այս նպատակով Լիբանանի մէջ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը փափաքեցաւ ձեր ներկայութեամբ ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` արթնցնելու համար ձեր խիղճը եւ շրջանի երկիրներուն ու պետութիւններուն կամքը:

Այս ոգեկոչումը կը կատարենք Լիբանանի մէջ արդարութեան արեւը պայծառ պահելու եւ ազատ ու պատասխանատու խօսքը Արեւելքի մէջ վառ պահելու նպատակով:

Այս անիրաւ Արեւելքը, իր զաւակներուն, իր փառքը կերտած, քաղաքակրթութիւններն ու մշակոյթը հիմնած քաղաքացիներուն հաշուոյն այս ոճրագործ Արեւելքը ապերախտ գտնուեցաւ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած շնորհներուն, սկզբունքներուն, մարդկայնութեան եւ հոգեւոր խորհուրդին նկատմամբ:

Այս Արեւելքը ապերախտ գտնուեցաւ նաեւ իր բնութեան շնորհած բարիքներուն նկատմամբ եւ իր անմտութեամբ, տգիտութեամբ ու ճահճացումով զանոնք վերածեց զէնքի եւ զինամթերքի, որ կ՛օգտագործուի եղբայրասպան կռիւներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ իր ուխտավայրերը, մզկիթներն ու եկեղեցիները պղծելու նպատակով: Արեւելքի աւանդները կը փճանան, ուխտատեղիները կը հրկիզուին, հնութիւնները կը քանդուին, գիրքերն ու գրականութիւնը կուլ կը տրուին հրդեհներէն, որպէսզի անոր թշնամիները ազատ, անկախ եւ արժանապատիւ կեանք ապրին, մինչ ինք ապրի յետամնացութեան, դաւադրութիւններու, յեղաշրջումներու եւ բորբոսած ու կեղծ գարնանային յեղափոխութիւններու հանգրուան մը, որուն ընթացքին մէկ կողմէ կը յայտարարուի հաւատադրժողական էմիրութիւն մը, իսկ միւս կողմէ` ոճրային ժիհատ մը:

Ցաւալի այս իրականութիւնը զգետնելու համար այսօր կ՛ընդվզինք չարիքին եւ անիրաւութեան դէմ եւ մեր ձայնը կը բարձրացնենք ու ոճրագործներուն եւ իրաւունքները ոտնակոխողներուն կ՛ըսենք. «Բա՛ւ է այսքան խաբեբայութիւն, դաւաճանութիւն եւ կեղծիք»:

Արեւելքցին, ըլլայ ան հրեայ, քրիստոնեայ, իսլամ թէ անհաւատ, որ կորսուած է ստոր դաւադրութիւններու եւ անձնական նեղ շահերու մէջ, ինչպէս նաեւ յանձնուած է արդարութիւնն ու իրաւունքը ուրանալու անիծուած կեցուածքներուն, արեւելքցի արարածն է, որ այսօր եւ ընդմիշտ կոչ կ՛ուղղէ վերադառնալու սիրոյ զգացումին, տիպար քաղաքացիութեան ճշմարտութեան, գիտակցութեան փարոսին, մարդկային եւ աստուածային գիտելիքներուն, որպէսզի Արեւելքը եւ անոր զաւակները վայելեն ապահովութիւնը, կայունութիւնը, հանգստութիւնը, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Կեցցէ՛ք, կեցցէ՛ Հայ դատը եւ կեցցէ՛ Լիբանանը:

 

 

Նախորդը

Փութին Հարաւային Օսեթիոյ Հետ Համարկման Մասին Համաձայնագիր Ստորագրած Է

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Գումարուող «Արարատի Ստորոտին» Լրագրական Հաւաքին Առիթով. «Հայ Ժողովուրդը Միշտ Կը Յիշէ Ցեղասպանութիւնը» Կը Յայտարարէ Լրագրող Տընիզ Աթալլա «Արցախփրես»-ին

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?