Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Մամուլէն Քաղուածքներ

Մարտ 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_4287Այս բաժինով կը ներկայացնենք «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ձեռնարկին ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի արտասանած խօսքը.

Եւ ներկան ինչքան նման է անցեալին… Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, քրիստոնեաներ եւ ոչ քրիստոնեաներ կը սպաննուին, իրենց հողերէն ու տուներէն տեղահան կ՛ըլլան, պարզապէս որովհետեւ ոմանք ուրիշը թշնամի տեսնելու եւ զայն բնաջնջելու իրենց մտայնութիւնը պիտի գործադրեն, այնպէս ինչպէս պատահած էր հարիւր տարի առաջ` օսմանեան միտքը թշնամի կը նկատէր իր կրօնին հակառակորդները եւ զանոնք կը գտնէր ցեղասպանութեան արժանի:

Միատեսակ ընկերութիւնը եւ բազմազանութեան ջնջումը նոր ծրագիր մը չի նկատուիր, ինչպէս ոմանք կը մտածեն: Այս միտքը յղացած է Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր սուլթան Սելիմ Ա.-ը, որ քրիստոնեաներուն եւ հրեաներուն առիթ տուաւ ընտրելու իսլամութիւնը ընդունելու եւ կամ Օսմանեան կայսրութենէն հեռանալու կարելիութիւններուն միջեւ:

Սակայն օրին Օսմանեան կայսրութեան հոգեւոր պետ շէյխ Ալի Էֆենտի մերժեց այդ գաղափարը եւ կրցաւ համոզել սուլթան Սելիմ Ա.-ը որ որոշ ժամանակի մը համար յետս կոչէ իր որոշումը:

Սակայն Օսմանեան կայսրութեան քայքայումին սկիզբը ծնունդ առին անկախութեան եւ անջատողական շարժումներ, իսկ օսմանեան իշխանութիւնները զանոնք ճնշեցին` հայոց եւ այլ ժողովուրդներու դէմ գործադրուած սպանդներով եւ ջարդերով, յատկապէս սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի օրով` 1894-1896: Այս ջարդերը կոչուեցաւ Համիտեան ջարդեր, որոնց զոհ գացին աւելի քան երեք հարիւր հազար նահատակներ:

Իսկ Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի յայտարարութիւններէն մնայուն կերպով կը յիշուի այն, որ ինք պիտի բնաջնջէ ամբողջ հայութիւնը եւ մէկ հայ միայն պիտի պահէ թանգարանին մէջ զետեղելու համար:

Օսմանեան կայսրութեան գործած ջարդերուն գագաթնակէտը եղաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին, յատկապէս երբ Էնվեր փաշա, Թալէաթ փաշա եւ Ճեմալ փաշա 1913-ին յեղաշրջում մը կատարեցին եւ Օսմանեան կայսրութեան իսկական իշխանութիւնը ձեռք ձգեցին` իրենց խաղալիքին վերածելով սուլթան Մոհամետ Ե.-ը: Անոնք դարձեալ կեանքի կոչեցին սուլթան Սելիմ Ա.-ի ջատագոված փանթուրանական ծրագիրը:

Էնվեր փաշան, Թալէաթ փաշան եւ Ճեմալ փաշան ունէին ճիւաղային եւ ֆաշական մտայնութիւն. անոնց մտայնութիւնը հիմնուեցաւ սպանութեան եւ քանդումի սկզբունքներուն վրայ, մինչեւ որ թրքացումը եղաւ ցեղասպանութեան հոմանիշը:

Ճեմալ փաշայի թոռը` Հասան Ճեմալ կը պատմէ, որ Թալէաթ փաշա իր մեծ հօր` Ճեմալին ըսած է հետեւեալը. «Եթէ մեր առած բոլոր փոխատուութիւնները ծառայեցնենք գործած չարիքներդ քաւելու, անոնք անբաւարար դուրս պիտի գան»:

Տիգրանակերտի կառավարիչ Մոհամետ Ռաշիտ փաշա կը պատմէ, թէ ինք պաշտպանութեան նախարար Էնվեր փաշայէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ գրուած էր միայն երեք բառ. «Հրկիզէ՛, քանդէ՛, սպաննէ՛»:

Եւ ներկան ինչքան նման է անցեալին…

Կանխամտածուած այս ծրագիրը աստիճանաբար սկսաւ գործադրուիլ: Օսմանեան կայսրութեան պատերազմին մաս կազմելէն եւ իսլամութեան թշնամիներուն դէմ ժիհատ յայտարարելէ ետք, կայսրութեան ամբողջ բնակչութիւնը ստիպողաբար զինուորագրուեցաւ: Օսմանեան բանակին մէջ հայութեան թիւը հասաւ քառասուն հազարի: 1914-ի աշնան հայութեան մօտ գտնուող բոլոր զէնքերը գրաւուեցան եւ մեծաթիւ հայեր սպաննուեցան օսմանեան բանակին կողմէ: Այս իրականութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Հայ ազգային խորհուրդը թրքական բանակին մաս կազմելու իմաստով իր մերժումը արտայայտէ: Այս կեցուածքը Օսմանեան կայսրութեան համար պատճառաբանութիւն էր` բնաջնջելու հայ ժողովուրդը:

Օսմանեան կառավարութիւնը օրին անսաց իր «խորհրդատուներէն» Պեհաէտտին Շաքիրին, որ առաջարկեց թրքական բանտերէն ազատ արձակել բանտարկեալները եւ զանոնք բաժնել այնպիսի խմբաւորումներու, որոնց աշխատանքը ըլլայ հալածել հայերը եւ սպաննել զանոնք:

Եւ ներկան ինչքան նման է անցեալին… Այդ աւազակախումբերը իրենց աշխատանքը լիուլի կատարեցին եւ ամէն տեղ հալածեցին հայերը, հրէշային միջոցներով սպաննեցին զանոնք եւ գողցան անոնց ինչքերն ու ունեցուածքը:

Այս ջարդերը կատարուեցան աշխարհին աչքերուն դիմաց: Աշխարհը այս բոլորին մասին իմացաւ իր դեսպաններուն եւ հիւպատոսներուն միջոցով: Դիւանագիտական անձնակազմի այս ներկայացուցիչները բաւարարուեցան կատարուած դէպքերը արձանագրելով եւ իրենց պետութիւններուն գործուած աւերին, կիրարկուած սպանութեան ձեւերուն եւ զոհերուն թիւին մասին տեղեկագիրներ յղելով իրենց դեսպանատուներուն:

Իսկ Արեւմուտքը բաւարարուեցաւ դէպի իր հողերը կատարուող գաղթականութեան դռները բանալով:

Եւ ներկան ինչքան նման է անցեալին…

Թուրքերը մշակեցին քրիստոնեաները  բնաջնջելու եւ զանոնք բռնագաղթի ենթարկելու ծրագիր մը, ապա ուղղուեցան այդ մասին դրդապատճառներ ու մեկնաբանութիւններ որոնելու: Անոնք անդրադարձան Անատոլուի մէջ քրիստոնէական տարածումին, Օսմանեան կայսրութենէն հրաժարելու շարժումներուն, հայերը ամբաստանեցին ռուսերուն եւ ֆրանսացիներուն հետ գործակցելու յանցանքով: Սակայն անոնց գործադրած ճիւաղային եւ կազմակերպուած սպանդները ցոյց կու տան, թէ անոնց նպատակն էր բնաջնջել հայութիւնը: Պէտք է նշել նաեւ, որ թուրքերուն գործադրած ցեղասպանութիւնը միայն հայոց դէմ չէր, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին արձանագրուած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն կողքին, կային նաեւ յոյները, ասորիները եւ քաղդէացիները, որոնց դէմ գործուած սպանդները ծանօթ են իբրեւ «Սէյֆօ», որովհետեւ անոնց կէսական միլիոն նահատակները սպաննուած էին սուրերով:

Այս բոլորին կողքին պէտք չէ մոռնալ նաեւ սովի միջոցով Լեռնալիբանանի քրիստոնեայ բնակչութեան դէմ գործադրուած լուռ ցեղասպանութիւնը, որուն ընթացքին զոհուեցան աւելի քան երկու հարիւր հազար բնակիչներ, այլ խօսքով` Լեռնալիբանանի բնակչութեան 40 առ հարիւրը:

Ճիշդ է, որ ներկան ինչքան նման է անցեալին, սակայն պէտք է նաեւ նշել, որ այդ իմաստով փոփոխութիւններ շօշափելի են, որովհետեւ նահատակներուն փաղանգները ներկայիս աւելի շատ են եւ բազմազան: Այդ սպանդներուն թիրախները միայն քրիստոնեաները չեն, այլեւ` իսլամները իրենց բոլոր յարանուանութիւններով, ինչպէս նաեւ Արեւելքի բոլոր համայնքները: Իսկ դահիճը կը կրէ նոյն դրժողական մտայնութիւնը` բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կը մերժեն իր հաւատքն ու գաղափարները: Անկասկած պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ նախապէս գործուած ցեղասպանութիւնները անպատիժ ձգելու քայլը քաջալերած է, որ ներկայիս ալ գործուին ցեղասպանութիւններ, որոնց աւարտը տակաւին անյստակ է:

Սակայն ինչպէս որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած անիրաւութիւնն ու ոճրագործութիւնը արգելք մը չհանդիսացաւ իրենց հաւատքին, ինքնութեան, լեզուին եւ մշակոյթին կառչած մնալու անոնց կամքին, եւ անոնց մէջ չսպաննեց ազատ ապրելու, գոյատեւելու եւ իրենց շրջանակին հետ ընտելանալու անոնց կարողութիւնը, այսօր եւս տարբեր ժողովուրդներու դէմ գործադրուող ոճրագործութիւնը, չարիքը, բռնարարքներն ու սպանդները միացուցած են բոլոր համայնքները, ըլլան անոնք իսլամ թէ քրիստոնեայ:

Անոնք բոլորը կը պայքարին հաւատադրժողական այս հոսանքին դէմ, որուն նպատակն է ջնջել ժողովուրդներուն յիշողութիւնը: Մենք կը հաւատանք, որ ի՛նչ որ ալ գործուի այդ խմբաւորումներուն կողմէ, ոչ մէկ ձեւով կարելի պիտի ըլլայ ջնջել քաղաքակրթութիւնները եւ զանոնք վերադարձնել բարբարոսութեան դարաշրջան:

Հայոց ցեղասպանութիւնը 100-ամեայ ողբերգութիւն մըն է, հակառակ որուն եւ որուն պատճառով որոշեցինք ըլլալ ապագայ, եւ որոշեցինք, որ մեր ապագան ըլլայ այսօրուընէ շատ աւելի տարբեր, որովհետեւ մենք հաւատքի ու յոյսի զաւակներն ենք, մենք փրկութեան ու յարութեան զաւակներն ենք եւ դժոխքի դռները մեզի պիտի չկարենան զգետնել:

 

Նախորդը

Դամասկոս Վար Առած Է Ամերիկեան Հետախուզական Օդանաւ Մը

Յաջորդը

«Պիտի Շարունակենք Մեր Ճիգերը` Երկխօսութեան Գծով» Յայտարարեց Պշարա Ռայի Պատրիարք

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?