Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով Շրջանային Քաղաքական Ճիգերու Արդիւնաւորման` Ճիգերը Կը Շարունակուին Ներքին Ճակատի Ամրապնդման Համար

Մարտ 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-17-15_hredaniԵրկրի ընդհանուր իրավիճակը յատկապէս քաղաքական եւ ապահովական առումով, կը շարունակէ իր վրայ կեդրոնացնել զանազան կողմերու պատասխանատուներու ուշադրութիւնը: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն ընթացիկ գարնան, առաւելագոյնը ապրիլի սկիզբը կացութեան բռնկեցման մասին, յատկապէս Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, հայեացքները սեւեռուած են արտաքին ու ներքին ճակատներու վրայ տարուող ճիգերուն ուղղութեամբ: Կացութեան հետեւող իրազեկ մեկնաբաններու համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ի շուրջ հինգ հազար զինեալներ կը պատրաստուին յարձակում գործելու նշեալ շրջաններուն ուղղութեամբ` ձիւնհալէն ետք: Անոնք կը ծրագրեն այդ շրջաններէն դէպի ծով ելքի ճամբայ հարթել:

Ճիգերը կը շարունակուին ներքին ճակատի վրայ` հանգստացնելու լիբանանցիներու մտավախութիւնները:

Ասոր նորագոյն ապացոյցներն էին վերջին 24 ժամերուն լիբանանեան բանակի ապահովական քայլերը, երբ լիբանանեան բանակի հրետանիները հետապնդեցին եւ թիրախ դարձուցին Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ տեղակայուած զինեալ խմբաւորումները: Դարձեալ այս ծիրին մէջ կու գան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի խօսակցութիւնները երէկ ամերիկեան պաշտպանութեան կցորդ, գնդապետ Անթոնիօ Փանչեզի հետ. խօսակցութեանց առանցք կազմեցին լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք ամերիկեան (զինական) օժանդակութեանց յայտագիրը:

Ապահովական նշեալ մտավախութեան դէմ լիբանանցիք իրենց յոյսը դրած են լիբանանեան բանակին վրայ: Այս իմաստով անոնք լաւատես ու գոհ են տարուող ճիգերէն, որոնց ծիրին մէջ կը նախատեսուի ֆրանսական զինական օժանդակութեանց առաջին մասին յանձնումը լիբանանեան բանակին` յառաջիկայ ապրիլին, առանց մտահան ընելու նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու իրանեան պատրաստակամութիւնը:

Ապահովական արտաքին զինեալ վտանգի դէմ «պաշտպանուելու» ճիգերը կը շարունակուին նաեւ քաղաքական գետնի վրայ: Այս իմաստով Այն Թինէի մէջ այսօր կը գումարուի Հըզպալլա – Մուսթաքպալ երկխօսութեան ութերորդ հանդիպումը: Առ այդ, արդէն իսկ Հարաւային արուարձաններու կարգ մը զգայուն շրջաններու թաղամասերէն վերացուած են կողմերուն պատկանող եւ անոնց զօրավիգ նկարներն ու դրօշակները:

Նոյն գիծին վրայ, նախկին նախարար Կապի Լայեուն յայտարարեց, որ Ազգային Ազատ հոսանք – Լիբանանեան ուժեր երկխօսութեան ծիրին մէջ Աուն – Ժահժահ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ որեւէ պահու: Այս իմաստով յուսադրիչ քայլ էր, օրինակ` Լիբանանեան համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) երկուշաբթի օր տեղի ունեցած միջադէպին գծով Աունականներու եւ Լիբանանեան ուժերու ուսանողական թեւերուն կողմէ փոխադարձ բողոքի դատերուն յետս կոչումը:

Նոյն ուղղութեամբ, երէկ կէսօրին փակուեցաւ Լիբանանեան համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքը, երբ Զաայթեր ընտանիքէն զինեալ մը իր ատրճանակը ուղղեց ուսանողուհիի մը գլխուն: Ճիգերը կը շարունակուին նմանօրինակ դէպքերու եւ երկպառակիչ ոտնձգութիւններու հետեւանքներուն վերացման եւ մթնոլորտի հանդարտեցման գծով: Միշել Աուն – Ուալիտ Ժոմպլաթ անակնկալ տեսակցութիւնը երէկ դարձեալ յուսատու քայլ կը նկատուի:

Նաեւ` Շրջանային Մակարդակի Վրայ

Դէտեր լաւատես են շրջանային մակարդակի վրայ տարուող ճիգերուն գծով: Արդարեւ, հակառակ երկրին ճակատագիրը արտաքին միջամտութիւններէ զերծ պահելու լիբանանեան նախանձախնդրութեան, շրջանային ապահովական թէ քաղաքական իրադարձութիւնները կու գան իրենց ուղղակի թէ անուղղակի հետեւանքները արձանագրելու լիբանանեան հրապարակին վրայ:

Այս ծիրին մէջ իրանցի բանագնացներէն բարձրաստիճան պատասխանատու մը երէկ յայտարարեց, որ հիւլէական թղթածրարին գծով հարցերը իննսուն առ հարիւր համեմատութեամբ հարթուած են եւ թէ լաւատես է 5+1 պետութեանց ներկայացուցիչներու Զուիցերիոյ Լոզան քաղաք հասնելէն:

Դէտեր նմանապէս կ՛ակնկալեն, որ այս բանակցութեանց արդիւնաւէտ ելքին պիտի յաջորդէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի յայտարարութիւնը` շրջանի տագնապին գծով Սուրիոյ (յատկապէս նախագահ Պաշշար Ասատի) հետ բանակցելու հաւանականութեան գծով, կու գայ ի նպաստ դէտերու նշեալ մեկնաբանութեան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Յաջորդը

«Եթէ Թուրքիան 1990-ական Թուականներուն Հզօր Ըլլար, Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը Պիտի Չըլլար» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?