Լիբանանեան

Պըրրի Մտադիր Է Խորհրդարանը  Օրէնսդրական Նիստի Մը Հրաւիրել

Պըրրի Մտադիր Է Խորհրդարանը Օրէնսդրական Նիստի Մը Հրաւիրել

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահական ընտրութեան նիստը յետաձգեց չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2015-ին` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք մտադիր է խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը հրաւիրել ամէնէն մօտիկ ապագային: Պըրրի շեշտեց, որ կարելի չէ այլեւս հանդուրժել Լիբանանի մէջ տիրող այս կացութիւնը, որուն...

Զրէյքաթ. «Ապտալլա Ազզամ» Փաղանգները  Կը Շարունակեն Գործել Լիբանանի Մէջ»

Զրէյքաթ. «Ապտալլա Ազզամ» Փաղանգները Կը Շարունակեն Գործել Լիբանանի Մէջ»

Շէյխ Սրաժէտտին Զրէյքաթ «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու պատասխանատու շէյխ Սրաժէտտին Զրէյքաթ Սուրիայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ երէկ հաստատեց, որ «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգները տակաւին կը գործեն Լիբանանի մէջ` տարանջատուող համակարգով եւ զինուորական ենթահող ունեցող պատասխանատուներով: Զրէյքաթ աւելցուց սակայն, որ այս հանգրուանին չի կրնար Պէյրութի մէջ գործող փաղանգներուն ղեկավարին անունը բացայայտել` ապահովական պատճառներով: Զրէյքաթ նշեց, որ այդ փաղանգներուն մէջ ինք ստանձնած է օրինական...

Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Ձերբակալել Յանցագործները

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան Պըտտաուիի շրջանին մէջ ձերբակալած է Սահիպ Մոհամետ Մերհին, որ 2014-ին բանակին դէմ զինեալ բախումներուն մասնակցած էր: Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալած է Ալի Հապիպոն, որ բանակին դէմ արձանագրուած զինեալ բախումներուն ընթացքին Քըպպէի Շաարանի շրջանին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է: Նշենք, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը այս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդը երկուշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2015-ը յայտարարեց ընդհանուր գործադուլի օր եւ կոչ ուղղեց պետական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական դպրոցներուն  կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին մասնակցելու ընկերային հարցերու նախարարութեան դիմաց կատարուելիք նստացոյցին: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց ելեւմտական մարզին եւ լիբանանցիներուն առօրեային վերաբերող բոլոր օրինագիծերը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնները փարատելը երկրին...

Հաղորդագրութիւն

Բագրատունի Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Ապահովական Պատասխանատուներու Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անցնող օրերուն հանդիպումներ ունեցաւ երկրի ապահովական սպասարկութեանց պետերուն հետ, որոնց հետ քննարկումի նիւթ դարձուց Լիբանանի անդորրութեան պահպանման առնչուող հարցեր: Բագրատունի յաջորդաբար տեսակցեցաւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ զօր. Էտմոն Ֆատելի, Պետական անվտանգութեան սպասարկութեան պետ զօր. Ժորժ Քարաայի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Վերջին հանդիպումին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայ...

Երեսփոխանական Գրասենեակ.  Օժանդակութիւն 98 Լիբանանահայ  Ընտանիքներու

Երեսփոխանական Գրասենեակ. Օժանդակութիւն 98 Լիբանանահայ Ընտանիքներու

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, որ ամիսներու վրայ երկարող ուտեստեղէնի եւ կենցաղային պիտոյքներու օժանդակութիւններ կատարած էր Սուրիոյ դէպքերուն հետեւանքով Լիբանան ապաստանած սուրիահայ ընտանիքներու, վերամուտի օրերուն ուտեստեղէնի յատուկ ծրարներ տրամադրեց թիւով 98 կարիքաւոր լիբանանահայ ընտանիքներու` փորձելով իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ թեթեւցնել տնտեսական տագնապի հետեւանքով բազմացող կենցաղային դժուարութիւնները: Այս առիթով գրասենեակը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք գրասենեակին ճամբով կը նպաստեն մեր հայրենակիցներու ծանր...

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանին  Եւ Խորհրդարանական Յանձնախումբերու  Նախագահներուն Վերընտրութեան Նիստին

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանին Եւ Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Նախագահներուն Վերընտրութեան Նիստին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի դիւանին եւ խորհրդարանական 16 մնայուն յանձնախումբերու նախագահներուն եւ զեկուցաբերներուն վերընտրութեան նիստին: Նիստին սկիզբը խորհրդարանը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց նախկին երեսփոխաններ Օմար Քարամէի, Սուրէն Խանամիրեանի, Ապտել Քերիմ Քատտուրի եւ Էլիաս Սքաֆի մահուանց յիշատակը: Նիստին ընթացքին կատարուեցաւ միայն մէկ փոփոխութիւն, որուն լոյսին տակ երեսփոխան Անթուան Զահրա երեսփոխան Ռոպեր Ֆատելի փոխարէն մաս կազմեց ելեւմուտքի եւ...

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Միջազգային  Դատական Ատեանի Նախագահը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Միջազգային Դատական Ատեանի Նախագահը

Հերտեքովա - Սալամ հանդիպումէն պահ մը Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ Իվանա Հերտեքովան, որուն հետ քննարկեց դատական ատեանին վերաբերող շարք մը հարցեր: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ Աշուրայի սգատօնին առիթով շաբաթ, 24 հոկտեմբեր 2015-ին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները պիտի մնան փակ:

«Նախագահական Թափուր Աթոռին Լոյսին Տակ  Անհրաժեշտութեան Օրէնսդրութիւնը  Դարձած Է Անհրաժեշտութիւն»  Շեշտեց Քանաան

«Նախագահական Թափուր Աթոռին Լոյսին Տակ Անհրաժեշտութեան Օրէնսդրութիւնը Դարձած Է Անհրաժեշտութիւն» Շեշտեց Քանաան

Իպրահիմ Քանաան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց խորհրդարանին վաւերացնելու փտածութեան եւ նիւթական հարցերու յատուկ դատական ատեան մը ստեղծելու օրինագիծը, որ առաջարկուած է զօր. Աունի կողմէ: «Նախագահական թափուր աթոռին լոյսին տակ անհրաժեշտութեան օրէնսդրութիւնը դարձած է անհրաժեշտութիւն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտութեան...

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները  Կոչ Կ՛ուղղեն Քաթարի Եւ Թուրքիոյ` Օժանդակելու  Իրենց Զաւակներուն Ազատ Արձակումին

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Կոչ Կ՛ուղղեն Քաթարի Եւ Թուրքիոյ` Օժանդակելու Իրենց Զաւակներուն Ազատ Արձակումին

Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները երէկ հանդիպում մը ունեցան Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի հետ, որուն հետ քննարկեցին իրենց զաւակներուն թղթածրարին լուծման մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք բանակայիններու հարազատներուն անունով խօսք առաւ առեւանգուած բանակային Մոհամետ Թալեպի հայրը, որ Ռիատ Սոլհ հրապարակէն յայտնեց, որ իրենք Ահմետ Հարիրիին յանձնած են նամակ մը, որ ուղղուած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին` անկէ պահանջելու համար, որ իրենց զաւակներուն...

Քըպպէի Եւ Ապլահի Մէջ Բանակը  Ձերբակալեց 5 Սուրիացիներ

Քըպպէի Եւ Ապլահի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց 5 Սուրիացիներ

Քաակ եւ զօր. Քահուաժի Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Քըպպէի եւ Ապլահի մէջ ձերբակալեց 5 սուրիացիներ` Հասան Մուսթաֆա Քըշթօ, Խալետ Ռիտա Ասաատ, Մոհամետ Հասան Սուլթան, Մոհամետ Հիւսէյն Մուսա եւ Ահմետ Հասան Մասրի, որոնք կ՛անդամակցին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ Արսալի դէպքերուն ընթացքին կռուած են բանակին դէմ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակը Հարեթ Հըրէյքի մէջ...

Սաֆուան Ընտանիքին Անդամները Հինգշաբթի Օր Պիտի Հասնին Լիբանան

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Ժումաա նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը մերժէ ապօրինի արտագաղթը` աւելցնելով, որ Սաֆուան ընտանիքը Լիբանան վերադարձնելու առումով յապաղում չէ արձանագրուած, այլ` պետական փաստաթուղթերը պատրաստելու գործառնութիւնը ժամանակի կը կարօտի: Ժումաա շեշտեց, որ Սաֆուան ընտանիքի ողջ անդամները հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերին պիտի հասնին Լիբանան` իրենց հետ բերելով նաեւ ընտանիքին մահացած անդամներուն դիակները:  

Ֆընէյշ. «Առանց Դիմադրութեան Ո՛չ Երկիր,  Ո՛չ Գերիշխանութիւն Եւ Ո՛չ Ալ  Հաստատութիւններ Կարելի Էր Պահել»

Ֆընէյշ. «Առանց Դիմադրութեան Ո՛չ Երկիր, Ո՛չ Գերիշխանութիւն Եւ Ո՛չ Ալ Հաստատութիւններ Կարելի Էր Պահել»

Խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ առանց Դիմադրութեան ո՛չ երկիր, ո՛չ գերիշխանութիւն եւ ո՛չ ալ հաստատութիւններ կարելի էր պահել: «Դիմադրութիւնը վերահաստատեց լիբանանեան պետութեան եւ գերիշխանութեան դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն վերադարձուց իրենց առաքելութիւնը` հետեւելով տարազի մը, որ յստակ է բոլորին. «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն»», ըսաւ ան: Ֆընէյշ ընդգծեց, որ Դիմադրութեան կողմէ հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ դնելն ու սուրիական բանակին օժանդակելը...

Ահմետ Ասիրի Դատավարութիւնը  Յետաձգուեցաւ 5 Յունուար 2016-ին

Ահմետ Ասիրի Դատավարութիւնը Յետաձգուեցաւ 5 Յունուար 2016-ին

Ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ, ձերբակալեալ ահաբեկիչ Ահմետ Ասիր երէկ փոխադրուեցաւ Զինուորական ատեան, ուր տեղի ունեցաւ անոր դատավարութիւնը` Ապրայի դէպքերուն եւ երկրին մէջ ահաբեկչական բջիջներ պատրաստելու առնչութեամբ անոր դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն լոյսին տակ: Ասիրի պաշտպան փաստաբանները Զինուորական ատեանի դատախազէն խնդրեցին Ասիրի համար երեք բժիշկներ տրամադրել` հետեւելու համար անոր առողջական իրավիճակին: Ասիրի դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ 5 յունուար 2016-ին: Դատավարութեան ներկայ լիբանանցի նահատակ բանակային...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն են, որոնք կը խոչընդոտեն կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքները: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զարմանք յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան մրցակցութիւնը քուէատուփերուն փոխարէն աղբի տակառներուն ընդմէջէն կ՛անցնի: Ան ողջունեց երկրագործութեան  նախարար Աքրամ Շեհայէպի ի գործ դրած հսկայական ջանքերը` աղբի տագնապը լուծելու առումով: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի...

Լիբանանեան Օդուժը Ռմբակոծեց  Արսալի Բարձունքները

Լիբանանեան Օդուժը Ռմբակոծեց Արսալի Բարձունքները

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան բանակի օդուժը երէկ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Մալահի անունով շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի մէկ կեդրոնը ռմբակոծած է: Ըստ նոյն հաղորդագրութեան, ռմբակոծումին պատճառով սպաննուած են ութ ահաբեկիչներ եւ վիրաւորուած 12 ուրիշներ: Բանակին համաձայն, վիրաւորներուն մէջ կը գտնուին Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատուներ:

Վարչապետ Սալամ Իր Ձեռնոցները  Կառավարութեան Աշխատանքը Խոչընդոտողներուն  Երեսին Նետելու Մասին Կը Մտածէ

Վարչապետ Սալամ Իր Ձեռնոցները Կառավարութեան Աշխատանքը Խոչընդոտողներուն Երեսին Նետելու Մասին Կը Մտածէ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Անձնական հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարունը, որուն հետ քննարկեց 2000-2011 տարիներուն համար հիւանդանոցներուն կատարուելիք նիւթական հատուցումներուն թղթածրարը` նկատի ունենալով, որ այդ օրէնքը վաւերացուած է երեք տարի առաջ, սակայն նիւթական այդ պարտաւորութիւնները ցարդ չեն կատարուած: Հարուն աւելցուց, որ այդ տարիներէն բացի հիւանդանոցներուն պէտք է կատարուին նաեւ 2012-ի, 2013-ի եւ 2014-ի նիւթական պարտաւորութիւնները: Հարուն...

Ուարեֆ Սլէյման  Եւ Փիեռ Հաշշաշ Ազատ Արձակուեցան

Ուարեֆ Սլէյման Եւ Փիեռ Հաշշաշ Ազատ Արձակուեցան

Զինուորական ատեանին որոշումով երէկ յետմիջօրէին ազատ արձակուեցան քաղաքացիական շարժումի գործիչներ Ուարեֆ Սլէյմանն ու Փիեռ Հաշշաշը, առաջինը` Ռամլեթ Պայտայի, իսկ երկրորդը` Հըլու ոստիկանատուներէն: Ազատ արձակուելէ ետք իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն, Սլէյման եւ Հաշշաշ խօսեցան լիբանանեան իշխանութեան սնանկութեան մասին` ընդգծելով, որ իրենք պիտի վերադառնան քաղաքացիական շարժումին գիրկը եւ պիտի մասնակցին ցոյցերուն: Ապա անոնք ուղղուեցան Զինուորական ատեան, ուր իրենց ընտանիքն ու ընկերները բողոքի նստացոյց...

Հայաստանի Մէջ «Դեսպաններ  Առանց Սահմաններու»  Կազմակերպութեան Գործունէութեան Սկիզբը Յայտարարուեցաւ

Հայաստանի Մէջ «Դեսպաններ Առանց Սահմաններու» Կազմակերպութեան Գործունէութեան Սկիզբը Յայտարարուեցաւ

Դեսպան Ժան Մաաքրուն Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաաքրուն երէկ Երեւանի մէջ սկիզբը յայտարարեց «Դեսպաններ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան, կազմակերպութեան գործունէութեան` պաշտօնական արձանագրութենէն ետք: Մաաքրուն այս առիթով յայտնեց, որ այդ կազմակերպութեան նպատակն է հաստատել հետեւեալը. «Ճիշդ է, որ բոլոր դեսպանները տարբեր երկիրներու շահեր եւ նպատակներ կը ներկայացնեն, սակայն անոնք ունին հասարակ մէկ յայտարար, որն է համաշխարհային խաղաղութեան հաստատումը, ինչպէս նաեւ ուրիշը...

Պասիլ. «Ահաբեկչութեան Դէմ Մեր Մղած  Պատերազմը Գոյութենական Պատերազմ Է»

Պասիլ. «Ահաբեկչութեան Դէմ Մեր Մղած Պատերազմը Գոյութենական Պատերազմ Է»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ աւարտեց Իրան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը` հանդիպում մը ունենալով Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ հիւսիսային ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, Պասիլ նախանցեալ գիշեր ներկայ գտնուեցաւ Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Հաժ Ալիի կողմէ ի...

Page 893 of 986 1 … 892 893 894 … 986

Արխիւներ