
«Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու պատասխանատու շէյխ Սրաժէտտին Զրէյքաթ Սուրիայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ երէկ հաստատեց, որ «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգները տակաւին կը գործեն Լիբանանի մէջ` տարանջատուող համակարգով եւ զինուորական ենթահող ունեցող պատասխանատուներով:
Զրէյքաթ աւելցուց սակայն, որ այս հանգրուանին չի կրնար Պէյրութի մէջ գործող փաղանգներուն ղեկավարին անունը բացայայտել` ապահովական պատճառներով:
Զրէյքաթ նշեց, որ այդ փաղանգներուն մէջ ինք ստանձնած է օրինական եւ կազմակերպական հարցերը լուծելու պատասխանատուութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանէն հեռանալու իր որոշումը տուած է լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պատճառած նեղութիւններէն ետք: «Ճիշդ է, որ ես ֆիզիքապէս Լիբանանէն հեռու եմ, սակայն իմ ամբողջ նպատակս Լիբանանի մէջ ընդդէմ իրանեան ծրագիրին աշխատիլն է», ըսաւ ան:
Զրէյքաթ նշեց, որ «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգները ՏԱՀԵՇ-ի կամ Քայիտայի կապուած չեն իրենց գործունէութեան մէջ: