Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն են, որոնք կը խոչընդոտեն կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զարմանք յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան մրցակցութիւնը քուէատուփերուն փոխարէն աղբի տակառներուն ընդմէջէն կ՛անցնի: Ան ողջունեց երկրագործութեան  նախարար Աքրամ Շեհայէպի ի գործ դրած հսկայական ջանքերը` աղբի տագնապը լուծելու առումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան նիստը 26 հոկտեմբերին պիտի գումարուի եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի քաղաքական ուժերուն միջեւ լարուածութիւնը փարատելու:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին տեղեակ պահած է, թէ ինք երբեք չի մտածեր երկխօսութեան նիստը լքելու մասին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ արաբական երկիրները պառակտուած են եւ մասնատուած, որովհետեւ անոնք իրենց գրաւը դրած են հաւատադրժողական շարժումներուն վրայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին քննարկուին տարակարծութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ ժողովրդականութիւն ունենայ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ, նախագահական թեկնածու Հանրի Հըլու յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանը դարձեալ գումարէ նիստ մը` նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ընդհանրապէս, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքը յատկապէս ամբաստանեց երկրին բոլոր հարցերուն լուծումները արգելակելու յանցանքով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան գոյատեւումը սահմանադրական անհրաժեշտութիւն է` նկատի ունենալով, որ անիկա այս հանգրուանին գոյութիւն ունեցող պետական վերջին հաստատութիւնն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք պետութեան մէջ բուսած պետութիւն մը չեն` աւելցնելով, որ իրենք պահպանած են երկիրն ու պետութիւնը իրենց նահատակներուն թափած արիւնով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան խախտումը պիտի ձախողի եւ ոչ մէկ արդիւնք պիտի իրականացնէ:

 

Նախորդը

Ալեքսանտրեթի Մէջ Անօդաչու Թռչող Սարք Մը Ջախջախուեցաւ. Փութին. «Սուրիոյ Մէջ Գտնուող Ահաբեկիչները Կը Ծրագրեն Այլ Շրջաններու Կայունութիւնը Քայքայել»

Յաջորդը

Ահմետ Ասիրի Դատավարութիւնը Յետաձգուեցաւ 5 Յունուար 2016-ին

RelatedPosts

Հակառակ Դիւանագիտական  Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն.  Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Դիւանագիտական Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը

March 7, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս»  Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու
Լիբանանեան

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս» Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու

March 7, 2026
Շրջանային Պատերազմի Ծիրին Մէջ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Կարկինը` Կ՛ընդլայնի.  Լիբանան Զօրաշարժի Մատնուած` Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Շրջանային Պատերազմի Ծիրին Մէջ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Կարկինը` Կ՛ընդլայնի. Լիբանան Զօրաշարժի Մատնուած` Բոլոր Ուղղութիւններով

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.