Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Ժումաա նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը մերժէ ապօրինի արտագաղթը` աւելցնելով, որ Սաֆուան ընտանիքը Լիբանան վերադարձնելու առումով յապաղում չէ արձանագրուած, այլ` պետական փաստաթուղթերը պատրաստելու գործառնութիւնը ժամանակի կը կարօտի:
Ժումաա շեշտեց, որ Սաֆուան ընտանիքի ողջ անդամները հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերին պիտի հասնին Լիբանան` իրենց հետ բերելով նաեւ ընտանիքին մահացած անդամներուն դիակները: