Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդը երկուշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2015-ը յայտարարեց ընդհանուր գործադուլի օր եւ կոչ ուղղեց պետական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական դպրոցներուն  կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին մասնակցելու ընկերային հարցերու նախարարութեան դիմաց կատարուելիք նստացոյցին:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց ելեւմտական մարզին եւ լիբանանցիներուն առօրեային վերաբերող բոլոր օրինագիծերը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնները փարատելը երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու միակ միջոցն է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ եթէ ելեւմտական հարցերու շուրջ խորհրդարանի նիստ մը գումարելու անհրաժեշտութիւն գոյութիւն ունի, ապա իրենք այդ նիստը պիտի չխոչընդոտեն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ կոչ ուղղեց Մուսթաքպալ հոսանքին իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու` աւելցնելով, որ այդ հոսանքը երկրին եւ լիբանանցիներուն հարցեր կը պատճառէ եւ այդ արարքը Հըզպալլայի կը վերագրէ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի որոշեց ազգային երկխօսութեան նիստը խորհրդարանին մէջ շարունակել` առանց զայն Այն Թինէ փոխադրելու:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով, մազութինը` 300, տիզըլինը` 200, իսկ պիւթակազի շիշը արձանագրած է 100 լ. ոսկիի յաւելում:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պէտք է աւելի իմաստուն գտնուին եւ Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութիւնը դրական կերպով բացատրեն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի հաստատեց, որ Հըզպալլա պաշտպանած է Լիբանանը եւ լիբանանցիներուն ապահովութիւն ներշնչած:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար տակաւին բազմաթիւ կարիքներ կան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ եթէ Դիմադրութիւնը Սուրիոյ մէջ կռիւ չմղէր, ապա Լիբանան կայունութիւն չէր կրնար վայելել:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի քաղաքական տագնապը սառած պիտի մնայ, այնքան ատեն որ շրջանին մէջ կարգ մը հարցեր կը մնան անլոյծ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, շէյխ Ահմետ Ասիր վարչական առումով Տար Ֆաթուայի մաս չի կազմեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ երկխօսութիւնը միակ ուղին է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

 

 

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ` Ասատ-Փութին Հանդիպում

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Ձերբակալել Յանցագործները

RelatedPosts

Պատերազմի Զարկերու Մթնոլորտին Մէջ.  Լիբանան Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Քայլերով Կը Հակադարձէ Իսրայէլի  Ներխուժման Ընչաքաղց Ախորժակներուն
Գլխաւոր լուրեր

Պատերազմի Զարկերու Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանան Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Քայլերով Կը Հակադարձէ Իսրայէլի Ներխուժման Ընչաքաղց Ախորժակներուն

March 5, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիան Լիբանանի Հետ Իր Սահմաններուն Վրայ  Ուժ Կուտակած Է. Գոյութիւն Ունին Լիբանանեան  Ներթափանցման Վերաբերեալ Եւրոպական  Ու Լիբանանեան Մտավախութիւններ
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիան Լիբանանի Հետ Իր Սահմաններուն Վրայ Ուժ Կուտակած Է. Գոյութիւն Ունին Լիբանանեան Ներթափանցման Վերաբերեալ Եւրոպական Ու Լիբանանեան Մտավախութիւններ

March 5, 2026
Տեղահանուածներու Իրավիճակը Առանցքային Գլուխ`  Պատկան Մարմիններու Քննարկումներու Ընթացքին
Լիբանանեան

Տեղահանուածներու Իրավիճակը Առանցքային Գլուխ` Պատկան Մարմիններու Քննարկումներու Ընթացքին

March 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.