Ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ, ձերբակալեալ ահաբեկիչ Ահմետ Ասիր երէկ փոխադրուեցաւ Զինուորական ատեան, ուր տեղի ունեցաւ անոր դատավարութիւնը` Ապրայի դէպքերուն եւ երկրին մէջ ահաբեկչական բջիջներ պատրաստելու առնչութեամբ անոր դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն լոյսին տակ:
Ասիրի պաշտպան փաստաբանները Զինուորական ատեանի դատախազէն խնդրեցին Ասիրի համար երեք բժիշկներ տրամադրել` հետեւելու համար անոր առողջական իրավիճակին:
Ասիրի դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ 5 յունուար 2016-ին:
Դատավարութեան ներկայ լիբանանցի նահատակ բանակային Ժորժ Ապու Սաապի մայրը նիստին աւարտէն ետք պահանջեց Ասիրը կախաղան բարձրացնել` շեշտելով, որ եթէ Ասիր դատարանին մէջ չըլլար, ինք կրնար սպաննել այդ ոճրագործը:
Ան յոյս յայտնեց, որ քաղաքական միջամտութիւններու պատճառով Ասիրի դէմ արձակուելիք վճիռը չմեղմանայ` աւելցնելով, որ ան հիւանդ չէ:
Իր կարգին, նահատակ բանակայիններու իրաւաբան Զիատ Պիթար շեշտեց, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է գիտնայ, թէ բանակի հերոսները ինչպէ՛ս նահատակուեցան, ո՛վ ֆինանսաւորեց այդ ճակատամարտերը եւ ո՛վ մղեց զանոնք սպաննելու: