Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Կոչ Կ՛ուղղեն Քաթարի Եւ Թուրքիոյ` Օժանդակելու Իրենց Զաւակներուն Ազատ Արձակումին

Հոկտեմբեր 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

endanikner_10-20-15

Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները երէկ հանդիպում մը ունեցան Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի հետ, որուն հետ քննարկեցին իրենց զաւակներուն թղթածրարին լուծման մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք բանակայիններու հարազատներուն անունով խօսք առաւ առեւանգուած բանակային Մոհամետ Թալեպի հայրը, որ Ռիատ Սոլհ հրապարակէն յայտնեց, որ իրենք Ահմետ Հարիրիին յանձնած են նամակ մը, որ ուղղուած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին` անկէ պահանջելու համար, որ իրենց զաւակներուն թղթածրարը հետապնդէ:

Թալեպ կոչ ուղղեց Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին միջամտելու մարդկային այս հարցին` աւելցնելով, որ իրենք 15 ամիսէ ի վեր կը սպասեն իրենց հարազատներուն եւ կը տանջուին:

«Կը խնդրենք, որ կարողութիւն ունեցողները միջամտեն այս թղթածրարին լուծման, յատկապէս շէյխ Իպրահիմ Տիուան Ապու Ռաքանը եւ Ահմետ Ահմետը», ըսաւ ան:

Ան խնդրեց նաեւ, որ Սաատ Հարիրի իր կարգին Թուրքիոյ եւ Քաթարի հետ գործակցի` իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար:

Ան նշեց, որ իրենք մագլցողական քայլերու պիտի չդիմեն, որպէսզի լիբանանցիներուն վնաս չհասցնեն` աւելցնելով, որ եթէ վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ կառավարութիւնը անկարող են իրենց զաւակներուն թղթածրարը լուծելու, ապա պէտք է արտօնեն, որ իրենք այլ միջոցներու դիմեն:

Իր կարգին, առեւանգուած բանակայիններու հարազատներէն Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ սուրիական գաղթակայաններու նախանցեալ օրուան ռմբակոծումէն ետք իրենք սպառնական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացած են, թէ ռմբակոծումը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ իրենց զաւակներուն հարցին վրայ: Այս առումով ան կոչ ուղղեց շէյխ Մալեք Թալլիին անձամբ միջամտելու` իրենց զաւակներուն թղթածրարին լուծման համար:

 

Նախորդը

Քըպպէի Եւ Ապլահի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց 5 Սուրիացիներ

Յաջորդը

«Նախագահական Թափուր Աթոռին Լոյսին Տակ Անհրաժեշտութեան Օրէնսդրութիւնը Դարձած Է Անհրաժեշտութիւն» Շեշտեց Քանաան

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?