Վարչապետ Թամմամ Սալամ երկխօսութեան նիստին ընթացքին բազմիցս յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի աղբի տագնապին լուծում մը գտնելու առումով:
Վարչապետը շեշտեց, որ ինք այս իմաստով կ՛աշխատի երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի հետ` աւելցնելով, որ աղբի տագնապին լուծումը պիտի ըլլայ աղբերը երկրէն դուրս ղրկելու ճամբով:
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ աղբը երկրէն դուրս հանելու աշխատանքը որոշ չափանիշներ կ՛ենթադրէ` նկատել տալով, որ իրենք այս մասին կը սպասեն որոշ ընկերութիւններու պատասխանները:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ այդ պատասխաններուն լոյսին տակ ինք կրնայ կառավարութիւնը հրաւիրել նիստի մը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ նախագահեց սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող յատուկ նիստին:
Նիստէն ետք ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս հաստատեց, որ սուրիացի գաղթականներուն հարցով Լիբանանի տրամադրուելիք միջազգային յաւելեալ օժանդակութեան կարիք կայ:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել: Քննարկուեցան երկրին ընդհանուր իրավիճակը եւ արձանագրուած զարգացումները: