Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Մալիքի Սալամի Եւ Պասիլի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Պաղեստինեան Գոյութեան Վերաբերող Հարցեր

Նոյեմբեր 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պասիլ եւ Մալիքի
Պասիլ եւ Մալիքի

Պաղեստինեան իշխանութեան արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան:

Վարչապետարանին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Մալիքին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի:

Հանդիպումէն ետք Մալիքի շեշտեց, որ ինք վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ քննարկած է պաղեստինեան գաղթակայաններու գոյութեան եւ գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

Մալիքի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականները յանձնառու կը մնան պաղեստինեան հարցին զարգացումներուն հետեւելու իրենց պատասխանատուութեան:

Ան աւելցուց, որ ինք պիտի մասնակցի նաեւ պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութեան նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկին:

Մալիքի շեշտեց, որ ինք Սալամի ներկայացուցած է պաղեստինեան վերջին իրադարձութիւնները, որոնց ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Ռամալլա կատարած այցելութեան եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ անոր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:

Պասիլի Մօտ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց պաղեստինցի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ այս հանգրուանին ամէնէն կարեւորը պաղեստինեան դատին տէր կանգնիլն է` աւելցնելով, որ Իսրայէլի եւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ մեզի հասած ահաբեկչութեան դէմ միասնականանալու փոխարէն, կը նկատենք, որ այդ ահաբեկչութիւնը կը փորձէ մոռացութեան ենթարկել նաեւ արաբ ժողովուրդին մայր դատը:

«Ամէն գնով պէտք է զօրակցիլ պաղեստինեան դատին` կառչած մնալով պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքին», նշեց Պասիլ:

Իր կարգին, Մալիքի ըսաւ, որ պաղեստինեան իշխանութիւնները կը զօրակցին Լիբանանին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով:

Մալիքի շեշտեց, որ պաղեստինեան իշխանութիւնները կը դատապարտեն Պըրժ Պարաժնէն թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնները եւ կը զօրակցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան:

Մալիքի նշեց, որ ահաբեկիչներուն դէմ ամէն իմաստով պէտք է պայքարիլ, ինչ ալ ըլլայ անոնց քաղաքացիութիւնը»:

«Ահաբեկչութիւնը դատապարտելի է», հաստատեց Մալիքի:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Զօրակցութիւն Յայտնեց Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն Միջեւ Որեւէ Մերձեցումի

Յաջորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?