
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ճամբուն կիսուն, մինչ եւրոպական երկիրներ տակաւին այդ ճամբուն սկիզբնաւորութեան են:
Ան նշեց, որ իրենք չեն մերժեր սուրիացի գաղթականները, սակայն անոնց ապաստանարանները կարգ ու կանոնի կարիք ունին:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ սահմաններուն վրայ եւ ներքին լիբանանեան առումով բանակը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ կարելի չէ ապահովական կայունութեան խզումներ արձանագրել:
Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը` ընկերակցութեամբ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան
Պլոքի Նիստ
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ ազգային երկխօսութիւնը եւ անոր առաջադրած նախաձեռնութիւնները պետութեան կազմութեան եւ պետական հաստատութիւններու աշխուժացումին միակ միջոցները կը նկատուին:
Ան աւելցուց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւնը պահպանելու յանձնառութիւնը կը հաստատէ երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Ֆատլալլա պլոքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրժ Պարաժնէի պայթումը դատապարտող կողմերուն եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ պապական նուիրակին կողմէ ականահարումին պատճառած վիրաւորներուն կատարուած այցելութեան:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը գոհունակութիւն յայտնեց, որ սուրիական բանակն ու Հըզպալլայի մարտիկները զգետնած են Պըրժ Պարաժնէի մէջ անձնասպանական գործողութեան հեղինակները Լիբանան փոխադրողը` այդ աքթը նկատելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի արտայայտութիւն:
Ֆատլալլա շեշտեց նաեւ, որ պլոքը մեծապէս կը գնահատէ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով, նկատել տալով, որ թրքական կողմին արարքը` ռուսական պատերազմական օդանաւը վար առնելու առումով, կարելի չէ արդարացնել, ընդհակառակն` անիկա կը նկատուի ահաբեկչութիւնը քաջալերող քայլ մը:


