Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկխօսութեան Նիստը Քննարկեց Կառավարութեան Աշխատանքը Աշխուժացնելու Կարելիութիւնները

November 26, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hiwar_112515

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց ազգային երկխօսութեան նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նիստէն բացակայեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանով, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նիստը չաւարտած դուրս եկաւ` այլ ժամադրութիւն մը ունենալու բացատրութեամբ, իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շարունակեց պոյքոթի ենթարկել երկխօսութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը:

Նիստին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ նախագահական ընտրութիւնը կը մնայ առաջնահերթութիւն:

Նիստէն ետք Պըրրի առանձին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ կառավարութեան աշխատանքին կարեւորութիւնը` յատկապէս աղբի տագնապին լուծման առումով:

Նշենք, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ իր կարգին Պըրրիի հետ առանձին հանդիպում մը ունեցած էր, նախքան երկխօսութեան նիստը:

Նիստէն ետք առանձին հանդիպում մը ունեցան նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա:

Նիստէն ետք Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յ. Բագրատունի նշեց, որ հակառակ անոր որ նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է, երկխօսութեան նիստը այդ մասին ոչինչ քննարկած է, այլ` քննարկուած են կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու հեռանկարները` յոյս յայտնելով, որ նախարարաց խորհուրդը մօտիկ ապագային գումարէ աղբի տագնապին յատուկ նիստ մը:

Յ. Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ քննարկուած են ընտրական օրէնքին յատուկ չափանիշները` նկատի ունենալով, որ կազմուած է ընտրական օրէնքի մշակման յատուկ յանձնախումբ մը: «Մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն, հայ առաքելական համայնք եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն, պիտի մասնակցինք ընտրական օրէնքին յատուկ յանձնախումբին գումարելիք նիստերէն քանի մը հատին եւ մեր տեսակէտը պիտի յայտնենք այդ առնչութեամբ», ըսաւ ան:

Սլէյման Ֆրենժիէի անունը իբրեւ նախագահական թեկնածու առաջադրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Այս մասին ոչինչ քննարկած ենք, եւ ոչ ոք այս մասին խօսած է մեզի հետ կամ նիստին ընթացքին»:

Մեկնումի պահուն Ֆրենժիէ յայտնեց, որ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին իրեն մօտիկ աղբիւրներու վերագրուող շարք մը տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուեցան` աւելցնելով, որ երբ տեղեկութիւնները հրապարակուին, ուղղակի իրենց կողմէ պիտի հրապարակուին:

Անդրադառնալով իր թեկնածութեան` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ այդ մէկը տակաւին քուլիսներու ետին կը գտնուի` աւելցնելով, որ անիկա լուրջ առաջարկ է, սակայն տակաւին պաշտօնականացած չէ:

«Մեր թեկնածուն կը մնայ զօր. Միշել Աունը», ընդգծեց Ֆրենժիէ:

Երեսփոխան Միշել Մըր իր կարգին յայտնեց, որ քննարկած են կառավարութեան աշխատանքը վերսկսելու հեռանկարները` յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային գումարէ իր նիստը` աղբերու տագնապին լուծման շրջագիծին մէջ:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան նիստէն մեկնելու պահուն յայտնեց, որ Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան հարցը երբեք չէ քննարկուած երկխօսութեան նիստին ընթացքին: Ան աւելցուց, որ նախագահական ընտրութիւնը բոլոր հարցերուն բանալին է:

Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի երկուշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Թինէի մէջ:

Նախորդը

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Պաշտպանութեան Նախարարը

Յաջորդը

Հայերէն Առաջին Աստուածաշունչի 350 Եւ Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-Ամեակները Ներառուած Են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Օրացոյցին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.