
Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն ուսանողական թեւերը երէկ յաղթանակ արձանագրեցին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի` «Էյ. Եու. Պի.»-ի ուսանողական խորհուրդի ընտրութիւններուն ընթացքին:
Ուսանողական ընտրութիւններուն արդիւնքները ստացան հետեւեալ պատկերը. 17 հոգի հաշուող խորհուրդին համար ընտրուեցան Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու դաշինքէն 9 թեկնածուներ, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքէն 3 թեկնածուներ, իսկ անկախ ուսանողներուն շարքերէն ընտրուեցան 5 թեկնածուներ: