Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ թրքական ուժերուն Իրաք մուտք գործելը Իրաքի գերիշխանութեան դէմ գործուած ամբարտաւան ոտնձգութիւն մըն է, որուն պէտք է դիմադրել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը առկայ է` լուծելու համար նախագահական ընտրութեան տագնապը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու յոյսը առկայ է` աւելցնելով, որ իրենք ոչ մէկ հարց ունին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կամ ոեւէ այլ թեկնածուի հետ: Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան վերաբերող որեւէ նախաձեռնութիւն դրական մօտեցումով պիտի ընկալեն:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ աղբերը Լիբանանէն դուրս հանելու թղթածրարին քննարկումը գրեթէ աւարտած է` աւելցնելով, որ խորհրդակցութիւնները պիտի յանգին դրական աւարտի մը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի որոշումով Թրիփոլիի մէջ գործող «Սիլքոր» գեղեցկագիտական կեդրոնը փակուեցաւ: Նշենք, որ Ապու Ֆաուր երէկ հանդիպելէ ետք նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ, շեշտեց, որ նախագահական համաձայնութեան նախաձեռնութեան ձախողելուն պարագային, նախագահական աթոռին թափուր մնալը պիտի ըլլայ երկարատեւ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով այս հանգրուանին չկայ լուրջ համաձայնութիւն մը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, որ լիբանանցիներուն եւ քրիստոնեայ համայնքին իսկական ներկայացուցիչն է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 200 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 400 լ. ոսկիով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ մամլոյ ազատութիւնը երկրին ազգային անկախութեան առաջնահերթութիւններէն կը նկատուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղ շեշտեց, որ իրենք չեն մերժած նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախագահական համաձայնութիւնը կամ հաւանութիւն յայտնած անոր, այլ կը սերտեն զայն` Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ խորհրդակցաբար:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումը կը սպառնայ լիբանանեան ներքին հաւասարակշռութեան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, իրանեան տեսակէտները կը խանգարեն նախագահական ընտրութիւն կատարելու քայլը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոս հաստատեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը կրնայ վաւերացուիլ` մարոնի համայնքի ղեկավարներուն համախոհութեամբ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Վիեննայի մէջ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի եւ Ատել Ժուպէյրի միջեւ հանդիպումի մը իբրեւ արդիւնք է, որ «Ֆրենժիէ-Հարիրի» համաձայնութիւնը երեւան եկած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ պիտի չայցելէ  Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան զօրակցող ոչ մէկ ղեկավարի, ըլլայ ան Մարտ 8-ի թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող ղեկավար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է ընտրական օրէնք մը գոյացնելու շուրջ համաձայնութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ եթէ նախագահական ընտրութեան առումով Լիբանանին տրամադրուած ներկայ առիթը չօգտագործուի, ապա հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի երկու տարի ետք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով տեղի ունենալիք համաձայնութեան առաջին նախապայմանը պէտք է ըլլայ ընտրական նոր օրէնքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան ամէնէն արագ միջոցին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութեան ընթացքը դանդաղած է եւ ոչ թէ կանգ առած:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ռիատի մէջ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի եւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումը նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծման միակ ելքն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը շարունակեն զօրակցիլ Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան, սակայն անոնք համբերատար կը գտնուին` լուծելու համար անոր թեկնածութիւնը արգելակող խոչընդոտները:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մերժած է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի առիթ տալ` նախագահական համաձայնութիւնը իրեն հետ քննարկելու:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի չի փափաքիր հանրապետութեան նախագահ ընտրել, նախքան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ համաձայնութեան գոյացումը:

ՊՔԵՐՔԷԻ մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ նախագահական ընտրութեան առումով առաջադրուած նախաձեռնութիւնը այժմ սառեցուած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նախագահ պիտի ընտրուի նախքան յառաջիկայ յունուարի աւարտը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ հանդիպումը կարեւոր է` յստակացնելու համար նախագահական ընտրութեան ընթացքը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութեան առումով, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները այս շաբթուան ընթացքին կ՛աւարտին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ճափոնի դեսպան Սիյչի Օցուքա հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Զինուորական Պիւտճէն` Կիսով Կրճատուած

Յաջորդը

Ճոնզ. «Հարիրի Պիտի Չորոշէ Լիբանան Վերադառնալ, Նախքան Սէուտցիներուն Հետ Խորհրդակցիլը»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Կիպրոս Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Կիպրոս Այցելեց

Յուլիս 10, 2025
ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետարան
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետարան

Յուլիս 10, 2025
Պարրաք. «Ոչ Ոք Պիտի Շարունակէ Մինչեւ  Յառաջիկայ Տարի Բանակցիլ Լիբանանի Հետ. Թրամփ  Հոյակապ Կեդրոնացում Ունի,  Սակայն Համբերութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Պարրաք. «Ոչ Ոք Պիտի Շարունակէ Մինչեւ Յառաջիկայ Տարի Բանակցիլ Լիբանանի Հետ. Թրամփ Հոյակապ Կեդրոնացում Ունի, Սակայն Համբերութիւն Չունի»

Յուլիս 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?